Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Իրանի յեղափոխութեան պահապաններու  օդուժի հրամանատար Էմիր Ալի  Հաջիզադեն յայտարարած է, որ Թուրքիոյ  Մալաթիա քաղաքի մօտ գտնուող ՆԱԹՕ-ի հակաօդային պաշտպանութեան ռատարային ռազմաբաժնէն  ճառագայթումը  կրնայ  տարածաշրջանի երեխաներու հաշմանդամութեան պատճառ դառնալ:


Այս մասին կը  հաղորդէ «Արմենփրէս»-ը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցներէն  մէկու հաղորդումը, թէ «Շուտով թուրք ժողովուրդը եւս ատոր ականատեսն ու զոհը պիտի դառնայ» խօսքերով:
Զօրավար Հաջիզադեն նախապէս յայտարարած էր, որ եթէ ԱՄՆ կամ Իսրայէլը հարուածեն Իրանի միջուկային թիրախները, ապա Իրանի առաջին թիրախը Թուրքոյ մէջ ռատարները պիտի ըլլան: