Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Մենք՝ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, սոյն նամակով կը փափաքինք յայտարարել մեր հաստատ համոզումը թէ Կաթողիկոսութեանդ սեփական վայրը այս պատմական հողերն են:


«Նաեւ յարգանքով կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհ գացած, իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցած, հայրենի հողին վրայ իրենց պատմական հետքերուն ջնջման փաստին առջեւ գտնուած օսմանեան հայերու յիշատակին առջեւ:


Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, յառաջապահ բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ ու խղճմտանքի տէր թուրքեր մասնակցեցան այն հանրահաւաքներուն, որոնք կազմակերպուեցան հայութեան սուգը բաժնելու նպատակով։
Հանրահաւաքներուն ամէնէն աչքառուն էր այն մէկը, որ կայացաւ Թուրք-իսլամ ստեղծագործութիւններու թանգարանին առջեւ. այն շէնքը՝ որ Ապրիլ 24, 1915ին գործածուած էր որպէս ձերբակալուած հայ մտաւորականներու բանտ։ Այս հանրահաւաքին մասնակցեցան մօտաւորապէս 500 անձեր, որոնք պաշտպաններ են մարդկային իրաւունքներու։ Անոնք մեխակներ թողուցին վերտառութեան մը առջեւ, ուր գրուած էր. «1915ը Ցեղասպանութիւն է: Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է»։ Հոն պարզուած էին նաեւ նկարները բազմաթիւ հայ մտաւորականներու, որոնք Ապրիլ 24ին ճամբայ հանուեցան դէպի մահուան ճանապարհ։
Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի նախագահ Ապտիւլպաքի Պօղա իր ելոյթին մէջ դիտել տուաւ, որ հայ մտաւորականները՝ նախքան աքսորուիլը՝ այս բանտին մէջ արգելափակուած էին։ Հանրահաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի գիտնականներէն Արա Սարաֆեան, որ դիտել տալէ ետք, թէ հաւաքուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին առթիւ՝ ըսաւ. «Թուրք պետութեան ժխտումներն ու ճնշումները դեռ կը շարունակուին, բայց մեր աշխատանքը կեդրոնացած է ճշմարտութիւնները երեւան հանելու հրամայականին վրայ եւ ասոր ազդեցութիւնը Թուրքիոյ մէջ եւս տեսնելու սկսանք»։
Այնուհետեւ Մերալ Չըլտըրի կողմէ կարդացուեցան այն երկու նամակները, որոնք խմբագրուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հասցէին։
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարագային ընդգծուեցաւ, թէ այս կաթողիկոսութիւնն ալ Թուրքիայէն աքսորուած ու Պէյրութի մէջ ապաստան գտած էր։ Արամ Ա. հայրապետին ուղղուած նամակին մէջ հանրահաւաքի կազմակերպիչները յիշեցուցին այն նամակը, զոր Արամ կաթողիկոս ուղարկած էր վարչապետ Էրտողանին՝ դիտել տալով, որ ան իր բարի կամեցողութիւնը փաստած պիտի ըլլայ այն ատեն միայն, երբ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Նամակին մէջ դիտել տրուեցաւ, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ներկայացուցած պահանջները՝ իրե՛նց ալ պահանջներն են։
Մայր աթոռ յղուած նամակին մէջ նշուած է. «Այս նամակը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կը գրենք ամօթով ու յարգանքով, որպէսզի ըսենք, թէ յարգանքով կը խոնարհինք այն օսմանցի հայերուն յիշատակին առջեւ, որոնց նիւթական ինչքերուն, մշակութային հարստութիւններուն ու բարոյական ներկայութեան վերջ տրուեցաւ ու մեծ ճիգ կը վատնուի, որպէսզի ջնջուին անոնցմէ մնացած վերջին հետքերը»։ Նամակին հեղինակները յիշեցուցին հայրապետին այն յայտարարութիւնը, թէ Ցեղասպանութեան հարցը ուսումնասիրութեան կարօտ հարց չէ, եւ նշեցին. «Մարդկային իրաւունքներու միութիւնն ալ նոյնպէս կը մտածէ»։

Նամակներու ընթերցումէն ետք, մասնակիցները, որպէս սուգի աւանդութիւն՝ անձայն կերպով քալեցին մինչեւ Սիրքեճիի նամակատուն, ուրկէ ուղարկեցին նամակները։ Այնուհետեւ, անոնք ճամբայ ելան դէպի Շիշլիի Գերեզմանատուն՝ այցելելու համար Սեւակ Պալըքճիի գերեզմանը։
Այլ հանրահաւաք մը կայացաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ, երեկոյեան ժամը 19:15ին։ Ինչո՞ւ այսքան ուշ ժամով. որովհետեւ կազմակերպիչները 1915ը այդ ձեւով ալ յիշատակել ուզած էին: «Մարմարա» կը յայտնէ, թէ կը սպասուէր, որ շատ աւելի մեծ թիւով մասնակցութիւն ըլլար այս հանրահաւաքին, սակայն պայմանները յայտնի են եւ պէտք չէ զարմանալ։ Այնուհանդերձ, աւելի քան մարդկային իրաւունքներու 500 պաշտպաններ ու մտաւորականներ ներկայ գտնուեցան։
 
Այս ցոյցին դէմ գրգռիչ խափանարարութիւն ընել ուզեցին խումբ մը թուրք ազգայնամոլներ՝ «իւլքիւճիւ»ներ, որոնք «Սքուէր» պանդոկի ու Ֆրանսայի հիւպատոսարանին առջեւ հաւաքուած էին եւ կ՛արձակէին լօզունգներ, ինչպէս՝ «Դաւաճաննե՛ր, Երեւան գացէ՛ք», «Հոս Թուրքիա է, կը սիրես կամ կը հեռանաս», «Թուրքը թուրքէն բացի ուրիշ բարեկամ չունի», եւ այլն։ Սակայն ոստիկանները չարտօնեցին, որ անոնք աւելի մօտենան հանրահաւաքը կազմակերպած խումբին։
Լրագրող Ճենկիզ Աքթար ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ թապու մը եւս փշրուելու սկսած է։

 

«Անհրաժեշտ է վերադարձնել, կամ փոխ հատուցել բռնագրաւուած կալուածները»

Պոլսոյ ցուցարարները նամակ յղեցին Արամ Ա կաթողիկոսին

Մարդոց Իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնը Պոլսոյ մէջ իրագործած ցոյցի եւ քայլարշաւի ժամանակ, ուղղուած է դէպի նամակատուն եւ նամակ ուղարկած Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ուղարկուած նամակը:
«Վեհափառ Տէր,
«Այսօր՝ 24 Ապրիլ 2012, Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբը խորհրդանշող Պոլսահայ մտաւորականներու ձերբակալման 97-րդ տարելիցն է:
«24 Ապրիլ 1915-ի ձերբակալութիւնները սկիզբն էին գործընթացի մը, որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը - որ ոչ միայն դարեր շարունակ Հայոց հոգեւոր կեդրոններէն մէկն էր, այլ նաեւ մշակութային ու ընկերային ինքնութեան մը ներկայացուցիչը -, իր սեփական հողէն վտարուելով աքսորուեցաւ Անթիլիաս:
«Մենք՝ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, սոյն նա- մակով կը փափաքինք յայտարարել մեր հաստատ համոզումը թէ Կա- թողիկոսութեանդ սեփական վայրը այս պատմական հողերն են:
«Նաեւ յարգանքով կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհ գացած, իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցած, հայրենի հողին վրայ իրենց պատմական հետքերուն ջնջման փաստին առջեւ գտնուած օսմանեան հայերու յիշատակին առջեւ:
«Այս նամակով կը յայտնենք նաեւ թէ պաշտպան կը կանգնինք Ցեղասպանութենէն վերապրած ու աշխարհի չորս կողմերը ցրուած հայերու զաւակներուն եւ թոռներուն իրաւունքներուն:
«Կը ձայնակցինք Ձեր Վեհափառութեան 31 Օգոստոս 2011 թուակիր ու Թուրքիոյ վարչապետին ուղղուած նամակին, որ կը վերաբերէր ոչ-իսլամական «վագըֆ»ներու (հիմնարկներու) կալուածները իրենց օրինա- կանտէրերուն վերադարձնելու պահանջին: Նշուածնամակով կը յիշեցնէիք. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը բազմաթիւ եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, որբանոցներու, գերեզմանատուներու եւ այլ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու, որոնք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն բռնագրաւուեցան թուրք պետութեան կողմէ»:
«Ինչպէս նաեւ նշած էք. «Հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը տուներուն, գործատեղիներուն ու կալուածներուն՝  ժառանգուած իրենց նախահայրերէն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան»:
«Ձեր նամակով կը շեշտէիք՝ «Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի Թուրքիայէն արդարութի՛ւն պահանջելէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, եւ երբեք պիտիչ դադրի իր մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատումը պահանջելէ»: Ձեր խօսքը վարչապետին ուղղելով կ'աւելցնէիք. «Պրն. վարչապետ, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց  նկատմամբ յանձնառու ըլլալու ձեր յայտարարութիւնը կը դառնայ վաւերական այն ատեն միայն, երբ ճանչնաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
«Այս նամակով կÿուզենք յայտնել Ձեր Վեհափառութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի համայն հայութեան, թէ Ձեր պահանջները մարդկային ամէնէն հիմնական իրաւունքներու համազօր են։
«24 Ապրիլ 2011-ին, երբ մէկտեղուած էինք 1915-ին ձերբակալուած մտաւորականներու յիշատակը ոգեկոչելու, նոյն պահուն կը սպաննուէր Պաթման նահանգի թրքական բանակի զօրամասին մէջ ստի- պողական զինուորական ծառայութիւն ընող հայ երիտասարդ՝ Սեւակ Շահին Պալըքճըն:
«Հակասական բացատրութիւններով հանդէս եկած պատկան մարմինները, ոճիրը համարեցին պարզ «արկած» մը: Մինչդեռ հարցաքննութիւններու եւ խուզարկութիւններու արդիւնքները արդէն ցոյց կու տային թէ կատարուածը ոճիր մըն էր:
«Սեւակ Պալըքճըի մահը կը փաստէ թէ 1915-էն ի վեր հայերը կեանքի ապահովութիւն չունին Թուրքիոյ մէջ, դեռ կը շարունակուի ցեղասպա- նութիւնը եւ 97 տարուան ժխտողականութիւնը իսկական պատճառն է ցեղասպանական այս երեւոյթին գոյատեւման:
«24 Ապրիլ 1915-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնով սկսած բնաջնջումը շարունակուեցաւ ներառնելով ասորիները եւ Անատոլուի յոյները:
«Այս նամակով Ձեզի եւ Ձեր միջոցաւ բոլոր վերապրողներու զաւակ- ներուն կը յայտարարենք թէ արդարութեան հաստատման համար անհրաժեշտ պայման է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտութիւն է վերադարձնել կամ փոխհատուցել բռնագրաւուած կալուածները եւ ինչքերը»:

Յարգանօք՝
Մարդկային Իրաւանց Միութեան
Իսթանպուլի մասնաճիւղի
Ցեղապաշտութեան եւ Խտրականութեան Դէմ Յանձնախումբ