Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Յունական defencenet.gr կայքէջը, հաւաստի աղբիւրներ վկայակոչելով, կը հաղորդէ թէ Փենտատաքթիլոսի լեռնային շրջանէն ներս (Այիոս Իլարիոն բերդին շատ մօտ) գաղտնի մարզում կը ստանան Ատրպէյճանի յատուկ ուժերու քոմանտոսները: 

Տուեալ շրջանը՝ ժայռերով, խոր կիրճերով եւ խիտ ծառաստանով շատ յարմար միջավայր կը տրամադրէ այս մարզումներուն համար, որ կÿիրագործուին գրաւեալ Կիպրոսի թրքական զօրքերու ղեկավարութեան կողմէ  տրամադրուած ռազմական սարքաւորումներով:
Յունական կայքէջին հաղորդած տուեալներուն համաձայն՝ լման ծրագիրը կը վերահսկուի թրքա-կան բանակի սպաներու կողմէ, խիստ մարզումի 40 օրերու վրայ երկարելով:
Կայքէջը լուրը հաղորդելով կ'աւելցնէ, թէ թուրքեր եւ ատրպէյճանցիներ նոյն ազգի կը պատկանին եւ որպէս թիրախ ունին իրենց միջեւ գտնուող Հայաստանը: