Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հալածուած, բանտարկուած եւ մի քանի օր առաջ ազատ արձակուած թուրք հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու՝ մրցանակ ստացած է Անգարայի համալսարանի կողմէ «Խտրականութեան դէմ պայքարի» համար: Մրցանակը ստացած է իր քոյրը:


Անգարայի համալսարանի ուսանող Էսմա Եըլմազ բոլորի ներկայութեան կարդացած է Զարաքօլուի ղրկած նամակը, ուր ան կը յայտնէր թէ այսուհետեւ պիտի չխօսի դարձեալ, երկրէն ներս տիրող մարդոց իրաւունքներու կաշկանդումներու եւ ոտնահարումին պատճառով: