Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պոլսոյ դատախազութեան ծանր յանցագործութիւններու 15-րդ դատարանը որոշում հրապարակած է  ամիսներէ ի վեր կալանաւորուած թուրք հրատարակիչ, իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուն ազատ արձակելու մասին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Թերթ.am», վկայակոչելով Անատոլու գործակալութիւնը, Զարաքօլուի հետ ազատ արձակուած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) «Քրտական համայնքներու միութեան» (KCK), ահաբեկչական օգնութիւն ցուցաբերելու համար մեղադրուող 15 հոգի եւս:
Յիշեցնենք, որ Ռակըպ Զարաքօլուի դէմ գործ յարուցուած էր «ահաբեկչական խմբաւորման աջակցութիւն ցուցաբերելու» մեղադրանքով: Իր հայանպաստ եւ քրտանպաստ կեցուածքներով ծանօթ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի եւ փրոֆ. Պիւսրայ Էրսանլիի կապակցութեամբ, դատախազութիւնը Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին, յաջորդաբար 15 եւ 38.5 տարուան բանտարկութեան վճիռ պահանջած էր: Անոնք ձերբակալուած էին Նոյեմբերին, քրտամէտ գործիչներու եւ մտաւորականներու ձերբակալութեանց լայնածաւալ արշաւին ընթացքին:
Վերոյիշեալներուն հետ ձերբակալուած 188 այլ մեղադրեալներուն պարագային՝ 7.5էն 119 տարուան բանտարկութիւն պահանջուած է:
Պոլսոյ դատախազութիւնը արդէն պատրաստած է մեղադրական գործը, ըստ որուն, եթէ մեղադրանքը հաստատուի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժողականութեան դէմ պայքարող եւ նոյն այդ գործունէութեան համար բազմիցս քրէական հետապնդման ենթարկուած թուրք իրաւապաշտպանին կը սպառնայ 7.5-էն 15 տարուան ազատազրկում: