Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հակադարձելով Սլովաքիոյ Բարձրագոյն ատեանի նախագահ Սթեֆան Հարապին այն յայտարարութեան, թէ ոեւէ թուրք, որ Սլովաքիոյ մէջ ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հինգ տարի բանտարկութեան պիտի դատապարտուի՝

Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերու նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որ Զուիցերիոյ մէջ ուրացած էր Ցեղասպանութիւնը, Կիրակի, Ապրիլ 8ին յայտարարեց, թէ Սլովաքիոյ Բարձրագոյն ատեանի նախագահը իր լիազօրութիւններէն վեր յայտարարութիւն մը կատարած է այդ պնդումով:
«Անոր ալ պիտի պատասխանեմ իրե՛նց իսկ առածով։ Արդարեւ սլովաքիական առած մը կ՛ըսէ. «Սուտին մէկ ոտքը կարճ է»», ըսաւ Պաղըշ եւ յանձնարարեց, որ մարդիկ «ճշմարիտ նիւթերով զբաղին՝ փոխանակ սուտ պնդումներու հետեւելու»։
Պաղըշ Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար դատական հետապնդումի չենթարկուեցաւ, որովհետեւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդեց, թէ Պաղըշ դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն կը վայելէ։
Միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի, կրկնելով Պաղըշի ըրածը՝ անցնող շաբաթավերջին Ֆրանսայի մէջ բարձրաղաղակ յայտարարեց, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը «հեքիաթ մըն է՝ շինծու պատմութիւն, զառանցանք մը», աւելցնելով, թէ այդպիսի բան չէ պատահած։ «Անգարայի մէջ ինչ որ կ՛ըսեմ, Ֆրանսայի մէջ ալ նոյնութեամբ կը յայտարարեմ, ահաւասի՛կ», ըսաւ Պահչելի։
Պահչելի Ֆրանսա գացած էր մասնակցելու համար Եւրոպայի մէջ գործող թուրք ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր»ուն՝ «իւլքիւճիւ»ներու, միութիւններուն կողմէ Մեց քաղաքին մէջ կազմակերպուած 10րդ համաժողովին։
Պահչելի անդրադարձաւ Ֆրանսայի մէջ վերջին վայրկեանին Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ բեկանուած այն օրինագիծին, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն կը նկատէր։ Պահչելի պնդեց, որ Եւրոպայի մէջ կարգ մը ազգայնապաշտ կազմակերպութիւններ ամէն միջոցի կը դիմեն, որպէսզի Թուրքիան ցոյց տան իբրեւ ցեղասպանութեան պատասխանատու յանցագործ երկիր։ Պահչելի, որ միշտ իր կոկորդը պատռելու գնով կը խօսի, այս անգամ ալ նոյն ոճով ժխտեց Ցեղասպանութեան պնդումը եւ ըսաւ որ հիմա շատ աւելի աշխոյժ կերպով նոյնը պիտի կրկնէր, եթէ օրէնքը վերջին վայրկեանին բեկանուած չըլլար Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ։