Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրէնութիւնը որոշած է 6 գերեզմանատուներ ազգային փոքրամասնութիւններուն վերադարձնել:

Խորհուրդը քննած է 5 համայնքներուն պատկանող գերեզմանատուները վերադարձնելու մասին դիմումները եւ Օգոստոս 2011-ին որդեգրուած հռչակագիրին վրայ հիմնուած որոշում տուած է:
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ այս որոշումով իրաւատէրերուն կը վերադարձուին Պէյօղլու թաղամասի յոյն ուղղափառ եկեղեցին եւ դպրոցը, Սուրբ Հրեշտակապետ հայկական եկեղեցին, դպրոցն ու գերեզմանատունը, Քատըքէօյի Իսրայէլի սինակոկի հիմնադրամը:
Նշենք, որ վերոնշեալ հռչակագիրը ստորագրուած էր 28 Օգոստոս 2011-ին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կողմէ՝ քրիստոնէական ու հրէական աղօթատեղիները եւ 1936-ին բռնագրաւուած գոյքը վերադարձնելու մասին: Ըստ հրամանագիրին, փոքրամասնութիւններուն պէտք է վերադարձուին հիւանդանոցները, մանկատուները, դպրոցներն ու գերեզմանոցներու տարածքները: