Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Զուիցերիոյ դատախազական իշխանութիւնները յայտնեցին թէ կարելիութիւնը չունին քրէական գործ յարուցելու Եւրոպական հարցերու Թուրքիոյ նախարար Էկէմէն Պակըշի դէմ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացած ըլլալու յանցանքին համար, դիւանագիտական իր անձեռնմխելիութեան պատճառով:


Յիշեցնենք, որ Ցիւրիխի մէջ, ան վերադառնալով Տաւոսէն, ուր մասնակցած էր Միջազգային տնտեսական Ֆորումի աշխատանքներուն, յայտարարած էր թէ «Զուիցերիոյ մէջ կը գտնուիմ եւ ձեզի կը յայտնեմ թէ 1915ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն չէին: Թող գան եւ ինծի թող ձերբակալեն»: