Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ ընտանեկան հարցերու եւ ընկերային քաղաքականութեան հարցերու նախարար Ֆաթմա Շահին վերջերս յայտարարած էր, որ եթէ Տինքի ընտանիքը դիմէ Պոլսոյ նահանգապետարան, պատկան յանձնաժողովի եզրակացութեան հիման վրայ՝ Տինք կրնայ նահատակ համարուիլ, որմէ ետք 

ընտանիքը կրնայ օգտուիլ նահատակներու ընտանիքներուն յատուկ արտօնութիւններէն: Այս առաջարկը բնաւ հաճելի չէ թուած Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլէթ Պահչէլիին, որ Երեքշաբթի՝ Մարտ 27ին, բուռն կերպով դէմ արտայայտուած է այդ գաղափարին: Պահչէլի ըսած է. «Ի՞նչ իրաւասութեամբ Հրանդ Տինքը նահատակ պիտի համարուի: Թուրքիոյ մէջ նահատակութեան իրաւունքը ունի կրօնական եւ ազգային գնահատանքի իմաստ: Թուրքիոյ մէջ միայն մահմետականը նահատակ կրնայ համարուիլ»...:
Նշենք, որ Հրանդ Տինքի ոճրասպանութեան մեղսակից նկատուած Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզական կազմակերպութեան (MIT) երկու աշխատակիցներու դէմ հայցը՝«յանցանքի վաղեմութեան» հիմնաւորումով մերժուած է: