Ըստ ռուսական Argument.ru կայքէջին, Ատրպէյճանի սահմանամերձ Տաղստանի շրջանին մօտ Ռուսաստան ստուարածաւալ բանակային զօրք տեղադրած է վերջին օրերուն, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու բաղկացած է 25 հազար զինուորներէ, 300 ծանր հրետանային միաւորներէ, որոնց շարքին՝ T-90 հրասայլեր հրթիռային համակարգեր:
Զօրքերու այդպիսի աննախընթաց տեղակայման քայլը շարք մը վարկածային վերլուծումներու պատճառ դարձած է քաղաքական դաշտի վերլուծաբաններու մօտ: Ըստ Argument.ru-ի, Տաղստանի բնակիչները, որոնք հարազատներ ունին Ատրպէյճանի մէջ, կը պնդեն, որ այս տարուան ամրան Պաքուն կրնայ զինուորական յարձակում ձեռնարկել Ղարաբաղի վրայ եւ մարտական զօրամիաւորումներու տեղակայումը Ատրպէյճանի սահմանին մօտ՝ Ռուսաստանի նախազգուշացումն է Պաքուին, որ Ատրպէյճան նման քայլի չդիմէ:
Ըստ ամերիկեան բանակի Ծովային հետախուզութեան նախկին անդամ Ճէնիֆըր Տայըրի, ռուսական զօրամասերու նման հսկայածաւալ կեդրոնացման նպատակը, Ատրպէյճանի մէջ զինուորական ռատարի կայանի հարցով ռուսական ճնշումն է: Նշենք, որ Ատրպէյճանի մէջ Կապալայի զինուորական կայանը վարձակալած Մոսկուայի համար անընդունելի կը նկատուի Պաքուի այն որոշումը, որ կը միտի կայանի վարձակալման գինը՝ տարեկան 7 միլիոն տոլարէն բարձրացնել 300 միլիոն տոլարի: Նոյն զինուորական մասնագէտին կարծիքով, Մոսկուայի այս քայլը կÿառնչուի նաեւ Իրանի կորիզային կարողականութիւնը հարուածելու միտող իսրայէլեան օդային յարձակումի մը հաւանականութեան հետ:
Միւս կողմէ, Bloomberg լրատուական գործակալութեան businessweek.com կայքէջին համաձայն, Տաղստանի ինքնավար մարզի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վաչեսլավ Մահմուտով հաստատած է, որ ռուսական զօրամիաւորումներու տեղակայումը ժամանակաւոր է եւ զինուորական այդ գործողութիւնը կը նպատակադրէ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարը համակարգել: