Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան


ՖՐԱՆՍԱ-ԹՈՒՐՔԻԱ
ԱՄԷՆ  ԻՆՉ  ԿԸ  ՄՈՌՑՈՒԻ  ԵՐԲ  ԽՆԴԻՐԸ
ԿԸ  ՎԵՐԱԲԵՐԻ  ՏՈԼԱՐՆԵՐՈՒ

Անգամ մը եւս մեր աչքերուն առջեւ կը փռուի փաստը, եթէ հարկ էր, թէ պետութիւններու շահերը ամէն բանէ վեր են:

Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններէն մեզի հրամցուած քաոսային պատկերին մէջ, երեւութապէս ո՛չ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ո՛չ Ծերակոյտը, ո՛չ ալ Սարքոզի արգելք հանդիսացած են ֆրանսական ADP-ին (փարիզեան օդակայանները)՝ թրքական TAV (Պոլսոյ Աթաթիւրք օդակայանը, յաւելեալ՝ 11 ուրիշներ) ընկերութեան բաժնեթուղթերուն 38%ը գնելուն:  ADP-ն, այսպէսով, 2006ին սակարան մուտք գործելէն ի վեր՝ ամենէն մեծ գնումը կը կատարէ: Ան պիտի վճարէ 874 միլիոն տոլար (667 միլիոն եւրօ):
Նշենք, որ TAV-ը թրքական 12 օդակայաններու մէջ զանազան սպասարկութիւններ մատակարարող ընկերութիւն մըն է, որ սկսած է գրաւել նաեւ արտաքին շուկան, ինչպէս՝ Վրաստանի, Թունիզի, Սքոփիայի, Լիթուանիայի մէջ: