Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական «Թարաֆ» թերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատմաբան Թաներ Աքչամ խօսած է Հայկական Հարցին, ինչպէս նաեւ քրտական եւ թրքական խնդիրներու մասին:


Աքչամ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ արմատացած ծայրայեղ ազգայնամոլութեան եւ ցեղապաշտութեան։ «2015ը Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցն է։ Յայտնի կը դառնայ, որ կառավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ առկայ ցեղապաշտական այս վտանգը պիտի օգտագործէ այլ բաներու համար։ «Եթէ դուք այդտեղէն մեզի  ճնշում բանեցնէք, մենք ալ Թուրքիոյ մէջ ցեղապաշտութիւնը՝ Խոջալու-Ատրպէյճան նիւթով կը հրահրենք, հրապարակ կը հանենք, պատգամը կը տրուի», ըսած  է Աքչամ։