Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան, Պոլսոյ «Պիլկէ» հրատարակչութեան սեփականատէր Ռակըպ Զարաքօլու դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ):

Արդէն 120 օր կալանքի տակ  գտնուող Զարաքօլու, իր դիմումին մէջ գրած է, թէ կը մեղադրէ Թուրքիոյ իրաւապահ եւ դատական ատեանները՝ իր դէմ անօրէն դուրս գործողութիւններ իրագործելու մէջ: Զարաքօլու ՄԻԵԴ ուղարկած դիմումին մէջ նշած է, որ թրքական դատարանները իր փաստաբաններուն չեն տրամադրեր մեղադրանքի հիմնաւորումները...
Ռակըպ Զարաքօլուի անունը առաջարկուած է Նոպէլեան մրցանակի համար։