Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Իսրայէլեան ռուսալեզու «Izus.co.il» կայքէջը, վկայակոչելով իսրայէլեան լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճան Իսրայէլէն 1.4 միլիառ տոլար ընդհանուր արժողութեամբ սպառազինութիւն պիտի գնէ

եւ «Իզրայէլի Էյրոսփէյս Ինտասթրիզ» ընկերութեան ու Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ համապատասխան համաձայնութիւն արդէն ստորագրուած է:
Կը հաղորդուի, որ իսրայէլացի մասնագէտներ Ատրպէյճան պիտի մեկնին նոր համակարգերու գործարկման հարցին մէջ իրենց ազերի գործընկերներուն օգնելու համար: