Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Աւելի քան 10 հազար թուրքեր «ըստ ազրպէյճանցիներու հարիւրաւոր զոհ պատճառած տխրահռչակ յարձակումի մը» տարելիցը նշելու համար հաւաք մը կատարած են:

 

«Բոլորդ ալ հայեր էք, բոլորդ ալ պոռնկորդիներ էք»
լոզունգներ կրած են ցուցարարները

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթի թղթակիցը կը յայտնէ, որ «այս ցոյցը զօրակցութիւնը կը վայելէ, ջատագովուած է եւ ֆինանսաւորուած (Թուրքիոյ) արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ»:
Ցուցարարները, ներառեալ՝ աշխատաւորական սենտիքաներ եւ ազգայնական խմբակներ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ հաւաք մը կատարած են դատապարտելու համար Հայաստանը եւ Ատրպէյճանի զօրակցութիւն յայտնելու համար: Ըստ տեղեկութեանց, հաւաքին մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը: Կարգ մը արեւմուտքցի լրագրողներ ապշած են ցոյցին ընթացքին տիրած ազգայնական ուժեղ զգացումներէն:
Փերիէ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «Կարգախօսներուն բրտութիւնն ու ազգայնականութեան զեղումը ահարկու են: Թուրքիոյ համար ահաւոր պատկեր մը»: Ան մէջբերած է Հրանդ Տինքի համակիրներուն օգտագործած կարգախօսին աղաւաղումը եղող կարգախօս մը. «Բոլորդ ալ հայեր էք, բոլորդ ալ պոռնկորդիներ էք»:
Ծայրայեղ ազգայնականներ Սարքոզի մակնիշով զուգարանի թուղթեր բաժնած են: Փերիէ կը գրէ, որ «Խոջալուի 600 զոհերը պատրուակ կը ծառայեն հակահայ ատելութեան զեղումին համար: 1915-ի կրակը տակաւին կը վառի»:
Նոյնպիսի ցոյց մը տեղի ունեցած է նաեւ Անգարայի մէջ: