Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան


Ատրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի բանակը ճակատային գօտիին մէջ հերթական ռազմափորձեր կը կատարէ:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի գլխաւորած ռազմափորձերուն կը մասնակցին Ազրպէյճանի օդուժն ու ցամաքային զօրքերը: Ռազմափորձերուն ժամանակ պիտի օգտագործուին արդիական զէնքեր եւ սպառազինութիւն: Անոնք պիտի տեւեն մինչեւ այս շաբթուան վերջը: