Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոս  շեշտած է
քաղաքացիներու հաւասարութեան սկզբունքի եւ
անխտիր վերաբերմունքի անհրաժեշտութիւնը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Փետրուար 20ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հիւրընկալուեցաւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ մը՝ յանձինս Յոյներու Պարթոլոմէոս պատրիարքին, որ հրաւիրուած էր իր կարծիքները յայտնելու համար նոր սահմանադրութեան մասին:
Պարթոլոմէոս սրբազանը յայտնեց, թէ փոքրամասնութիւններուն փափաքները հաղորդած է յանձնախումբի անդամներուն՝ շեշտելով, որ փոքրամասնութիւնները կ՛ուզեն վայելել հաւասարութիւն եւ չեն ուզեր խտրականութիւն։
Մէկուկէս ժամուան տեսակցութենէ ետք, պատրիարքը յայտարարութիւն ըրաւ մամուլին եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս հրաւէրին համար. «Մենք երկրորդ կարգի հայրենակից նկատուիլ չենք ուզեր… դժբախտաբար մինչեւ այսօր  անիրաւութիւններ գործուեցան փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։ Այս բոլորը կամաց-կամաց կը սրբագրուին եւ նոր Թուրքիա մը ծնունդ կ՛առնէ։ Մենք այս երկրին մէջ ծնած ու մեծցած ենք, մեր տուրքերը կը վճարենք, զինուորական ծառայութիւն կը մատուցանենք, քուէ կը գործածենք։ Այս պատճառաւ, խնդրեցինք, որ այլեւս չկրկնուին այն անիրաւութիւնները, զորս մեզի նկատմամբ գործուեցան», ըսաւ ան։
Նոյն օրը, խորհրդարանին մէջ ասորիներու ներկայացուցիչ պատուիրակութիւնը եւս ունկնդրուեցաւ նոր սահմանադրութեան կապակցութեամբ։ «Մենք աւելի քան 6000 տարիէ ի վեր հոս կ՛ապրինք, մենք հոս հիւր չենք, մենք հոս կը ներկայացնենք աշխարհի բոլոր ասորիները», ըսաւ ասորիներու բանբերը։ Ասորիները մինչեւ այսօր ընդունուած չեն որպէս փոքրամասնութիւն եւ անոնք պահանջեցին, որ իրենք եւս, հրեաներու, հայերու ու յոյներու նման, ընդունուին իբրեւ փոքրամասնութիւն։
Ցարդ որեւէ հրաւէր հասած չէ Հայոց պատրիարքարան, բայց կը խօսուի այն մասին, թէ Հայոց պատրիարքարանը եւս պիտի հրաւիրուի։ Հրեաները արդէն գրաւոր կերպով հաղորդած են իրենց ակնկալութիւնները։