Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԱՆԳԱՐԱ, «Սի.Էն.Էն.», «Մարմարա».- Ուրբաթ, Փետրուար 10ին, Թուրքիոյ կիսապաշտօնական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ իշխանութիւնները ձերբակալութեան վճիռ արձակած են երկրի ազգային հետախուզական կազմակերպութեան՝ «Միթ»ի նախորդ պետին՝ Էմրէ Թաների, անոր  օգնականին եւ երկու այլ պաշտօնատարներու դէմ՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ անոնց կապերուն պատճառով:

Յայտնենք, թէ «Միթ»ի ներկայ եւ նախորդ պետերը հարցաքննութեան կանչուած էին Հինգշաբթի օր, սակայն ներկայ տնօրէնը՝ Հաքան Ֆիտան, դատարան երթալու ու դատախազին վկայութիւններ տալու փոխարէն, նոյն ժամերուն նախագահական պալատ գնաց ու մօտաւորապէս 1.5 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ։
Մեղադրանքներուն մէջ կը նշուի, որ գաղտնի սպասարկութեան պետերը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ համաձայնութիւն գոյացուցած են՝ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանը ազատ արձակելու հարցին շուրջ: