Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

PanARMENIAN.Net - Kultura.Az կայքին մէջ յայտնուեցաւ Ատրպէյճանի ազգային ակադեմիայի Փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան  եւ իրաւունքի ինստիտուտի տոքթոր Այդին Ալի-զադէի յօդուածը, ուր ան ատրպէյճանցիներուն կ՝ախտորոշէ «հայամանիա» հիւանդութիւնը: Ըստ անոր, ատրպէյճանցիները կ՝ընեն այն, ինչ որ հայերը կ՝ընեն, իսկ եթէ բան մը հայերը չեն ըներ, ատիկա իրենց միտքէն չ՝անցնիր:

Ալի-զադէն կը նկատէ, որ բոլոր մրցոյթներուն Ատրպէյճանը կը մասնակցի միայն հայերէն առաջ անցնելու նպատակով: «Հայերը մեզ համար ամէն ինչի չափորոշիչն են եւ տիեզերքի կեդրոնը», կը գրէ Ալի-զադէն: Եթէ Ատրպէյճանը որեւէ բան ընէ վատօրէն, ապա ուղղելու փոխարէն իրենք կը յայտարարեն, որ Հայաստանը աւելի վատօրէն կ՝ընէ ատիկա: Եթէ Հայաստանը լաւ բան կÿընէ, ապա անոնք հսկայական միջոցներ կը ծախսեն, որպէսզի հայերէն առաջ անցնին: «Գործը հասած է հոն, որ մեզ մօտ կը հրատարակուին հայկական քրէական քրոնիկոնները, կը հետեւին հայկական ամբողջ քրէական կեանքը եւ անոր միջոցով կը հասկցնեն, որ մեր կրիմինալը աւելի լաւ է, այն աւելի քիչ է եւ մարդասիրական», գրել է հեղինակը: Ան նաեւ կ՝աւելցնէ, որ եթէ չըլլային հայերը, «բազմաթիւ մարդիկ անգործ կը մնային, գրելու ոչինչ կ՝ըլլար, գիւղատնտեսութիւն եւ արդիւնաբերութիւն գոյութիւն չէր ունենար, ինքնաթիռներ չէին թռիր, բայց քանի որ հայերը ունին այդ ամէնը, ապա իրենք ալ պէտք է ունենան, եւ աւելի մեծ քանակով»...