Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».-  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Փետրուար 8-13  պիտի գտնուի Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ:

Տաւութօղլու նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ քոնկրեսականներու հետ եւ պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, որ հաւանաբար մինչեւ Ապրիլ կրկին ներկայացուի Քոնկրեսին՝ առ ի քննարկում։

 

Թուրքիա Յաջողեցաւ Ֆրանսայի «Ամրութիւնը Ներսէն Քանդել»
ըստ ԵԽԽՎի նախկին նախագահ Չաւուշօղլուի խօսքերուն.
«Այդ հարցին համար մեծ օգնութիւն ցուցաբերեց նաեւ Ատրպէյճանը»

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախկին նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու ողջունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծին բողոքարկումը:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը: Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպանութենէն բացի ճանչցած է նաեւ հրեաներու ցեղասպանութիւնը՝ Հոլոքոսթը, որուն ժխտումը արդէն իսկ քրէականացուած է Ֆրանսայի մէջ): Ինչպէս կը հաղորդէ ատրպէյճանական 1news.az կայքը, Չաւուշօղլուն ողջունած է ֆրանսացի օրէնսդիրներուն այդ քայլը եւ նշած, որ Թուրքիա յաջողեցաւ «ամրութիւնը ներսէն քանդել»: «Այդ հարցին համար մեծ օգնութիւն ցուցաբերեց նաեւ Ատրպէյճանը: Մենք շատ ուժեղ լոպպիստական քարոզարշաւ իրականացուցինք ֆրանսացի պատգամաւորներու շրջանակին մէջ եւ շատ բաներու հասանք: Մենք յաջողեցանք բացատրել ֆրանսացի ծերակուտականներուն, որ այդ օրինագիծը որեւէ օգուտ պիտի չբերէ Ֆրանսային»,- ըսած է Չաւուշօղլու: