ՊՈԼԻՍ.- Ցիւրիխի պետական դատախազ Քրիսթին Պրաունշվայ, թրքական «Տողան Հապեր» լրատուական գործակալութեան Երկուշաբթի, Փետրուար 6ին յայտնած է, թէ Եւրոպական Միութեան հարցերով Թուրքիոյ պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի դէմ հետաքննութիւն մը սկիզբ առած է։
«Անցեալ շաբաթ մեր դատարանը ստացած է դիմում մը, ըստ որուն՝ Պաղըշ Զուիցերիոյ մէջ Քրէական օրէնսգիրքի 261րդ յօդուածին մէջ գոյութիւն ունեցող ազգայնամոլութեան օրէնքին դէմ արտայայտուած է։ Հետաքննութիւն սկսած է, որովհետեւ դատարանը այդ պնդումը հիմնաւոր նկատած է։ Հիմա մենք պիտի քննենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու մասին Էկեմեն Պաղըշի արտայայտութիւնը։ Պիտի ուսումնասիրենք նաեւ անոր դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան հետ կապուած հարցը։ Դատական գործ պիտի բանանք, եթէ այս բոլորը օրէնքին համապատասխան ըլլան եւ դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան խնդիր չըլլայ»։
Նշենք, որ Պաղըշ Յունուար 30ին Զուիցերիոյ մէջ ըսած էր. «Մենք այժմ Զուիցերիոյ մէջ ենք, եւ ես կը յայտարարեմ, որ 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն։ Թող գան ու ձերբակալեն զիս»։
Անգարայի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանը Երկուշաբթի օր իսկ կանչուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախա- րարութիւն, ուր անկէ խնդրուեցաւ պարզաբանումներ տալ Ցիւրիխի դատախազին կողմէ Պաղըշի նկատմամբ քննութիւն բանալու լուրերուն վերաբերեալ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի կանուխ յայտարարած էր, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար Պաղըշի նկատմամբ Ցիւրիխի դատախազին սկսած հետաքննութիւնը «անընդունելի է»:
Միւս կողմէ, Պաղըշ «Ճազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ «փաստերով ապացուցման պարագային, Թուրքիա հայերէն ներողութիւն պիտի խնդրէ»։ Ապա լրագրողի այն հարցումին, թէ Թուրքիան արդեօք պիտի ճանչնա՞յ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ թուրք նախարարը ըսած է. «Եթէ ատիկա (Հայոց Ցեղասպանութիւնը) պատմականօրէն, գիտականօրէն, եւ ինչ որ աւելի կարեւոր է՝ միաձայնութեամբ ճանչցուի իբրեւ իրական փաստ, ապա ինչու ոչ», աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մութ պահեր կան. «Կրնա՞նք նշել ժողովուրդ մը, որ իր պատմութեան մէջ մութ էջեր կամ ցաւեր չունենայ»։
Պաղըշ նաեւ նշած է, որ թրքական կողմը պատմութեան արխիւները բանալու եւ ուսումնասիրութիւն կատարելու առաջարկով դիմած էր հայկական կողմին, սակայն առաջարկը մերժուած էր։ «Ցաւ ի սիրտ, Հայաստանի կառավարութիւնը այդ առաջարկը ընդունելու խիզախութիւն չունեցաւ», յայտարարած է ան։