ՊՈԼԻՍ «Երկիր Մեդիա».- Թուրքիոյ մէջ Փետրուար 1ին ուժի մէջ մտան «Թուրքիոյ մէջ օտարերկրացիներու կեցութեան եւ ճամբորդութեան մասին» օրէնքին փոփոխութիւնները, որոնց համաձայն պէտք է նուազի երկրին մէջ անօրինական աշխատող օտարերկրացիներուն թիւը՝ տեղի աշխատուժը օգատգործելու հաշուին:
Նոր օրէնքով, Թուրքիա մուտքի արտօնագիր ստացածները պէտք է երեք ամիս ետք երկրէն հեռանան, իսկ վերադառնալու հնարաւորութիւն ունին երեք ամիս ետք միայն: Օրինագիծը Թուրքիոյ նախարարներուն խորհուրդը հաստատած է 2011ին:
Սակայն անիկա անհանգստացուցած է շատերը, քանի որ կրնայ օգտագործուիլ ընդդէմ Թուրքիոյ մէջ աշխատող հայաստանցիներուն:
Ըստ թրքական տուեալներուն, անօրինական աշխատող օտարերկրացիներուն թիւը մօտ 1 միլիոն է, որուն 10-15 հազարը հայեր են:
Սոյն օրինագիծը մե-ծապէս անհանգստացուցած է նաեւ Վրաստանն ու զբօսաշրջային կազմակերպութիւնները: