Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական «ՀապերԹիւրք» պատկերասփիւռի կայանը Հինգշաբթի, Փետրուար 2ին հաղորդած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, համոզուած ըլլալով, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի վաւերացնէ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը՝ գաղտնի հեռախօսազրոյցներ ունեցած է ֆրանսացի ծերակուտականներու եւ երեսփոխաններու հետ,

համոզելու համար զանոնք, որ օրինագիծին սահմանադրական ըլլալու հարցը ներկայացնեն Սահմանադրական խորհուրդ:
«Փարիզի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը, հիւպատոսութիւնները, թրքական կազմակերպութիւններն ու Արտասահմանի թուրքերու նախագահութիւնը կատարած են խիստ եւ աշխոյժ լոպիական աշխատանք, որուն հետեւանքով՝ կարելի եղած է օրինագիծը բողոքարկել: Թուրքիա կը շարունակէ իր այդ դիւանագիտութիւնը՝ իրաւական գործընթացին վրայ ազդելու եւ զայն իր օգտին շրջելու համար», աւելցուցած է կայանը:
Կը նշուի, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի 9 անդամներէն են Ֆրանսայի նախկին նախագահներ Ժագ Շիրաքն ու Վալերի Ժիրսքար Տ՛Էսթեն, որոնցմէ առաջինը անցեալին յայտարարած էր, թէ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ երկրորդը դէմ արտայայտուած էր Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու ջանքերուն եւ յայտարարած, թէ Թուրքիա եւրոպական երկիր չէ:
Թրքական կողմը «Թուրքիոյ բարեկամ» կը համարէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Ժան Լուիս Տեպրէին, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ եղած օրերուն՝ 2006ին, կանխած է նմանատիպ օրինագիծի վաւերացումը, ինչպէս նաեւ՝ ելեւմուտքի նախկին նախարար Միշել Շարազին, որ անցեալին ձեռնպահ մնացած է նման օրինագիծերու գծով: