Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն» մասին բանաձեւը դարձեալ ընդգրկուած է   ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ:
Կայքէջը կը նշէ, որ 66-րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ «ՎՈՒԱՄ-ի (Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան, Մոլտաւիա) տարածքին մէջ երկարաձգուող տագնապներու եւ միջազգային հանրութեան անվտանգութեան եւ զար-գացման համար անոնց հետեւանքներուն» մասին կէտը:


«Էխօքաւքազա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանն ու Ռուսիան ՄԱԿ-ի մէջ դէմ քուէարկած են Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն բռնի տեղահանուածներու կարգավիճակը սահմանող բանաձեւին: Բանաձեւին թեր քուէարկած են Միացեալ Նահանգները, Ատրպէյճանը, Պալթեան երկիրները, Բրիտանիան եւ քանի մը տասնեակ երկիրներ: Թուրքիա, Զուիցերիա, Իսրայէլ եւ 71 այլ պետութիւններ ձեռնպահ մնացած են:
Բանաձեւը որդեգրուած է 57 թեր եւ 13 դէմ քուէներով: