Թուրքիոյ Ճնշուածներու ընկերվարական կուսակցութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքին առնչութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրատարակած է՝ դիտել տալով, որ երկու բողոք ունի. մէկը՝ Թուրքիոյ ժխտողական մտայնութեան դէմ, իսկ երկրորդը՝ հայ ժողովուրդին ցաւը շահագործող Ֆրանսային դէմ։
Իր առաջին բողոքին մէջ, կուսակցութիւնը կը պնդէ, որ թուրք «քաղքենի քաղաքականութիւնը մեր ժողովուրդը կը խաբէ՝ ուրանալով 1915ին հայերու դէմ գործուած սպանդը», եւ այս նիւթին շուրջ կը ջանայ իր յանցանքը թեթեւցնել՝ յառաջ քշելով այնպիսի պնդումներ, ինչպէս օրինակ՝ «սպաննեցինք, բայց քիչ սպաննեցինք եւ անոնք ալ մեզ սպաննեցին»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ թուրք տիրապետող քաղքենի դասակարգը, նախքան Հայկական Ցեղասպանութիւնը քաղաքական նախանիւթ նկատողներուն դէմ հակազդեցութիւն ցուցաբերելը, պէտք է երես առ երես գայ իր պատմութեան հետ։