Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրք մամուլը կը գրէ, թէ Ֆրանսայի Խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան պատժելիութեան օրինագծի ընդունման հարցին մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը դժգոհութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ պետական շրջանակներուն եւ ժողովրդական խաւերուն:


Թրքական թերթերը կը յիշեցնեն, թէ երբ Թուրքիա Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար համաձայնագիր ստորագրեց, միշտ սեղան բերաւ Ատրպէյճանի բողոքները եւ այդ նոյն պատճառով ալ զամբիւղ նետեց զայն, վճարելով այդ կեցուածքին գինը՝ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան զայրոյթը շարժելով իր դէմ:
Մինչ այդ Ֆրանսայի Ծերակոյտի յանձնախումբը հակասահմադրական գտած է Ծերակոյտի բանաձեւը, ինչ որ գոհունակութիւն պատճառած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մօտ: Նախագահ Ապտալա Կիւլ կրկին զգուշացուցած է Ֆրանսան, թէ օրինագիծին վաւերացումը թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն պիտի հարուածէ: