Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻՆ

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ հազարաւորներ հաւաքուած Էին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ՝ նշելու համար Հրանդ Տինքի սպանութեան 5-րդ տարելիցը: Տինքի ընտանիքը, բարեկամներն ու մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները Տինքի սպանութեան վայրին վրայ կարմիր ծաղկեպսակներ զետեղեցին:


Շուրջ 10 հազար ցուցարարներ (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 40 հազար) դէպի Հալաշքարկազը փողոցին վրայ գտնուող «Ակօս»-ի խմբագրատուն «Արդարութեան համար» կարգախօսով քայլարշաւ մը կատարեցին: Անոնք երկու քիլոմեթրի վրայ երկարող ճանապարհէն ընթացան Թաքսիմէն ուղղուելով «Օսմանբեյէ» մեթրոյի կայարանը, որու կողքին կը գտնուի «Ակօս»ի խմբագրատունը: Ցոյցի մասնակիցները  իրենց զայրոյթը յայտնեցին այն դատավարութեան նկատմամբ, որ պետական անփութութեան կամ նոյնիսկ մեղսակցութեան հարցը չլուսաբանեց, ոչ ալ տուաւ որեւէ պատասխան՝ հինգ տարի տեւած դատավարութեան ընթացքին ծագած հարցերէն:
Երբ երթը հասաւ «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ, թերթի աշխատակիցները հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով ընթերցեցին երկրի կառավարութեան ու հանրութեան ուղղուած կոչ մը, ուր կը պահանջուէր աւարտին հասցնել Տինքի սպանութեան քննութիւնն ու բացայայտել իրական կազմակերպիչները: «Այսօր խօսելու օր չէ, այսօր խոստում տալու օր է: Խոստանանք, որ այս դատը դեռ չէ աւարտած: Խոստանանք, որ պետութիւնը դեռ չէ մաքրած բոլոր հաշիւները» նշուած էր յայտարարութեան մէջ:

ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԴԱՏԱՎՃԻՌԻՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «Քանալ Տէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով երկու մեղադրեալներու նկատմամբ օրեր առաջ արձակուած դատավճիռին:
Ան յայտնած է, որ տակաւին կանուխ է այդ դատավճիռին առնչութեամբ որեւէ մեկնաբանութիւն կատարելու, որովհետեւ ատիկա «վերջնական չէ» եւ կրնայ բողոքարկուիլ:
«Առայժմ դժուար է ըսել, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ: Տուեալ հանգրուանին որեւէ մեկնաբանութիւն կատարելը ճիշդ չէ… Պէտք է հետեւինք դատավճիռի բողոքարկման հոլովոյթին: Կ՛ուզեմ, որ այդ ատեանին մէջ արդարութիւնը յաղթէ», ըսած է վարչապետը: