Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

 Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու այս ամսուան ընթացքին Ատրպէյճան պիտի այցելէ:


Ունալ նշած է, որ Տաւութօղլու 17 Յունուարին պիտի այցելէ Նախիջեւան, ուր Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ եռակողմ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:
«Թրենտ» կ՛ընդգծէ, որ այդ  հանդիպումին վերաբերեալ  համաձայնութիւնը գոյացած է անցեալ տարուան Նոյեմբերին՝ Նախիջեւանի մէջ երեք երկիրներու արտաքին գործոց փոխ նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ըն- թացքին: Քննարկուած էին առեւտուրի, մշակոյթի, արդիւնաբերութեան, ներդրումներու, փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան հարցեր: