Ատրպէյճանի Մեծ արարչագործութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆազիլ Մուսթաֆայեւ ատրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումէն ետք, ատրպէյճանական կողմը համարժէք միջոցառումներու պիտի ձեռնարկէ:
Ան աւելցուցած է, որ վերոնշեալ օրինագիծին որդեգրումէն ետք Ատրպէյճանի խորհըրդարանը Խոջալուի մէջ «1992-ին հայերու կողմէ գործուած ցեղասպանութեան» վերաբերեալ համապատասխան օրէնք պիտի որդեգրէ:
«Այդ օրէնքը հիմնականին մէջ պիտի կիրարկուի ֆրանսացիներուն դէմ: Մենք կրնանք ատիկա ընել, եւ եթէ Ֆրանսայի ոեւէ քաղաքացի ժխտէ Խոջալուի ցեղասպանութիւնը, ապա անյապաղ պիտի բարձրացուի անոր ձերբակալման հարց»: