Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Յունուար 3-ին լրացաւ թուրք խորհրդարանական, Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մեւլութ Չաւուշօղլուի պաշտօնի ժամկէտը՝ որպէս Եւրոխորհուրդի խորհրդարա- նական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ։

 
Այժմ Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի աշխատանքներուն պատրաստուող Չաւուշօղլուն, «Թուրքիայի ձայն» ռատիոկայանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ամփոփելով ԵԽԽՎ-ի նախագահի պաշտօնին վրայ իր գործունէութիւնը, մասնաւորապէս, ըսաւ. - «Մենք Եւրոպային մէջ պայքար սկսած ենք ցեղապաշտութեան  եւ այլատեացութեան դէմ, քանի որ մեզի համար առաջնահերթ կը համարուի  այդ սպառնալիքի դէմ պայքարը, որը կարելի չէ թերագնահատել։ Բացի այդ, մենք աշխատանքներ տարած ենք եւ կը շարունակենք տանիլ միջ-մշակութային ու միջ-կրօնական երկխօսութեան զարգացման ուղղութեամբ»։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանը զրուցելով  ԵԽԽՎ-ի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ՝ Նայիրա Զոհրաբեանի հետ, հարց տուած է Չաւուշօղ- լուի պաշտօնավարման ազդեցութեան մասին Հայաստանի վրայ: Ան ըսած է թէ  «ոչ միայն քննադատել եմ նրա գործունէութիւնը, այլեւ վերջին՝ Հոկտեմբերեան նիստի ժամանակ ես  վեհաժողովի ամպիոնից շնորհաւորել եմ բոլոր դեմոկրատական ուժերին, որ  Հոկտեմբերեան, աշնանային նստաշրջանը Չաւուշօղլուի պաշտօնա-վարման վերջին նստաշրջանն էր»։
Իսկ քննելով թէ  բացասական ազդեցութիւն ունեցա՞ւ Չաւուշօղլուի պաշտօնավարման շրջանը հայաստանեան շահերու տեսակէտէն՝ Նայիրա Զոհրաբեանը պատասխանեց.- «Ըստ էութեան, մեծ առումով, ոչ: Իր պաշտօնավարման երկու տարիներին  Չաւուշօղլուն փորձեց ԵԽԽՎ նախագահի իր պաշտօնը օգտագործել՝ խիստ նեղ խնդիրներ, շահեր, երկու երկիրների՝ ԵԽ-ի անդամ Թուրքիայի եւ ԵԽ-ի անդամ Ատրպէյճանի շահերը առաջ մղելու համար»։