Ֆրանսացի գործատէր եւ ակտիվիստ Ռաշիտ Նեքազ մէկ միլիոն եւրօի նուիրատուութիւն մը կատարած է, որ պիտի տրամադրուի ոեւէ մէկուն՝ որ Ֆրանսայի մէջ պիտի դատապարտուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու քրէական յանցանքով:
Ան մասնակցած է Փարիզի մէջ խորհրդարանի շէնքին առջեւ կայացած ցոյցին, որ ծայրայեղ իսլամիստներու կողմէ կազմակերպուած էր:
Նշենք, որ Նեքազ անցեալին եւս նմանօրինակ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած էր, երբ տրամադրութիւն յատնած էր տուգանքները վճարելու մահմետական այն կիներուն, որոնք Ֆրանսայի մէջ պիտի դատապարտուէին գլխու լաչակ կրելու յանցանքով: Նեքազ կ'ըսէ թէ Ֆրանսայի մէջ իրական թիրախը՝ իսլամն է, քանի որ Թուրքիա մահմետական երկիր մըն է...