Ատրպէյճան կը շարունակէ ռազմատենչ իր կոչերը
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ հայկական զինուած ուժերու կրակէն Նախիջեւանի մէջ ատրպէյճանցի զինծառայող մը վիրաւորուեցաւ:
Նախարարի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Կարապետեանը յայտարարեց. «Այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը: Հայկական զինուած ուժերը խստօրէն պահպանում են հրադադարի ռեժիմը:
Իսկ ատրպէյճանական կողմի համար հրադադարի խախտումներով իրավիճակը սրելու փորձերը դարձել են ամենօրեայ գործունէութիւն. օրինակ, միայն Յունիսի 29-ին Ատրպէյճանը հրադադարը խախտել է 29 անգամ, այդ թւում‘ դիպուկահար զինատեսակից 5 անգամ: Եթէ ատրպէյճանական կողմում իսկապէս զինծառայող է վիրաւորուել, ապա դա կարող է լինել ինքնավնասման կամ զինծառայողների միջեւ անհանդուրժողականութեան հետեւանք: Եթէ ատրպէյճանական կողմը այլ փաստարկ ունի, ապա կարող է դիմել միջազգային համապատասխան կառոյցին‘ հետաքննութիւն իրականացնելու համար»։
Ատրպէյճան Կը Գնդակոծէ Ղարաբաղեան Դիրքապահներու Յենակէտներ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, Յունիս 28ի գիշերը եւ 29ի ամբողջ օրուան ընթացքին, ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիի շարք մը հատուածներուն մէջ արձանագրուած են հրադադարի խախտումներ:
Հակառակորդը տարբեր հրաձգային զէնքերով գնդակոծած է Հորադիզի, Լեալա-Իլագլիի, Քարուենդի, Կորգանի, Աշաղը Վէյսալիի, Չէյիլ լեռի, Եուսուֆճանլուի, Մարզիլիի, Քենգերլիի, Սարըճանլուի, Բաշ Քարուենդի, Շխլարի, Լեւոնարխի, Ջրաբերդի, Նամիրլիի, Եարմջայի եւ Թալիշի ուղղութեամբ տեղակայուած ղարաբաղեան դիրքապահներուն յենակէտները:
Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումներու կողմէ պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդը դադրած է:
Ըստ Մամետեարովի Հայկական Ուժերու Դուրս
Բերուելու Հարցը Այլեւս Չի Քննարկուիր
ՊԱՔՈՒ, «Թայմզ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ատրպեճանական լրատու գործակալութեան (Էյ.Էն.Էս) հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման «ճանապարհային քարտէս»ին մէջ ընդգրկուած են 6 սկզբունքներ:
«Անոնցմէ մէկը Ղարաբաղին յարակից տարածքներէն հայկական զօրքերու դուրսբերումն էր, այդ իսկ պատճառով, այդ քննարկումները մեզ համար մեծ կարեւորութիւն ունէին, սակայն այդ սկզբունքը արդէն վերցուած էե, ըսած է Մամետեարով:
Ազերի նախարարը շեշտած է, որ իրենք պիտի շարունակեն բանակցութիւնները՝ խաղաղութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան հասնելու համար: «Կարելի չէ ըսել, որ Հայաստանը նոյնը չի ցանկար: Միւս կողմէ, Երեւանը ունի իր մօտեցումը գործընթացներու վերաբերեալ», յայտարարած է Մամետեարով:
«Ատրպէյճանի բանակը կրնայ մէկ շաբթուան մէջ
ազատագրել բռնագրաւուած տարածքները»,
կþըսէ Հասանով
Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժինի վարիչ Ալի Հասանով Ատրպէյճանական «1news.az» կայքէջին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է.«Առանց կողմնակի միջամտութեան՝ ատրպէյճանական բանակը ի վիճակի է մէկ շաբթուան ընթացքին ազատագրելու բռնագրաւուած բոլոր տարածքները»։
Նշելով, որ այսօր աշխարհի մէջ որեւէ հարցի լուծում ռազմական ճանապարհով չի արժանանար հասարակական հաւանութեան՝ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնատարը աւելցուցած է.«Այդ իսկ պատճառով, Ատրպէյճան մտադիր է պաշտպանելու իր միջազգային եւ պետական իրաւունքը միջազգային կազմակերպութիւններու օգնութեամբ եւ խաղաղ ճանապարհով։ Սակայն անհրաժեշտութեան պարագային ատրպէյճանական բանակը իրաւունք ունի ազատագրելու իր տարածքները, վերականգնել մեր երկիրի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պաշտպանել գերիշխան պետութեան իրաւունքներ»։