Ան դարձեալ կը սպառնայ թէ Ատրպէյճան կը պայքարի ամէն ձեւով:
Իսկ եթէ այդ պայքարը արդիւնք չտայ՝ «խօսք պիտի ըսէ Ատրպէյճանի բանակը»:
Ալիեւ Մտահոգ Է Սփիւռքա-հայութեան Ազդեցութեամբ
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր տարեդարձին օրը՝ Դեկտեմբեր 24ին, որսի գացած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանակից Աղջաբեդի շրջանը:
Ան հանդիպած է շրջանի Թախթաքօրլու գիւղը բնակող մարդոց հետ (որոնք ազերիական լրատուամիջոցներուն կողմէ «գաղթականներ» կ'անուանուին) եւ խոստացած է անոնց, որ մօտիկ ապագային, 552 ընտանիքներու համար բնակելի աւան մը պիտի կառուցուի:
Գիւղացիներուն հետ զրոյցի ընթացքին, պատասխանելով ղարաբաղեան հարցի անլոյծ մնալուն մասին հարցումի մը՝ Ալիեւ մեղադրած է սփիւռքահայերը: «Հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճան հզօր երկիր է, սփիւռքահայերուն ազդեցութիւնը մեծ է Արցախի հարցով շահագրգիռ տէրութիւններուն վրայ: Մեր դէմ կը կռուի աշխարհի հայութիւնը: Այդ է պատճառը, որ արդէն 20 տարի է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գործունէութիւնը արդիւնք չի տար: Մենք բոլոր ճակատներով կը շարունակենք պայքարիլ Հայաստանի դէմ: Եթէ այդ պայքարը արդիւնք չտայ, այն ատեն իր խօսքը պիտի ըսէ Ատրպէյճանի բանակը», ըսած է ան: