Ատրպեճանական «Փոլիկոն» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները բանակցութեանց մէջ են Ատրպէյճանի հետ, այդ երկրին մէջ ռազմական խարիսխ մը կառուցելու նպատակով:
Ատրպէյճան մտահոգութիւն յայտնած է, որ նման խարիսխի մը կառուցումը կրնայ վատթարացնել Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ իր յարաբերութիւնները, եւ այդ պատճառով՝ «մեծ զգուշութեամբ» կը մօտենայ այս հարցին: Նման խարիսխի մը կառուցումը արտօնելու համար, Ատրպէյճան սահմանած է երեք նախապայմաններ՝ Ատրպէյճանի ի նպաստ լուծում մը Արցախի տագնապին, Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն մը Ատրպէյճանի խարիսխին շուրջ եւ «Արաբական գարուն» շարժումը Ատրպէյճան հասցնելու փորձերուն զսպումը: