Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Էրտողան Սարքոզին Կը Զգուշացնէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Վաւերացման Ծանր Հետեւանքներէն

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16ին նամակ մը յղած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ։ Նամակին մէջ ան նշած է, որ այդ օրինագիծը ուղղուած է Թուրքիոյ պետութեան, ինչպէս նաեւ թուրք ժողովուրդին եւ Ֆրանսա բնակող թրքական համայնքին դէմ։

«Կ՛ուզեմ բացայայտ կերպով յայտարարել, թէ այսպիսի քայլեր շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենան թուրք-ֆրանսական քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն վրայ, իսկ անոնց պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ այդ քայլին նախաձեռնողները կը կրեն», գրած է Թուրքիոյ վարչապետը։ «Իմաստուն մտածելակերպը պէտք է վեր ըլլայ քաղաքական խաղերէն։ Յոյսով եմ, որ դուք պիտի կանխարգիլէք այն քայլերը, որոնց հետեւանքները սրբագրելը հետագային անհնար պիտի ըլլայ», նշած է Էրտողան։
Այս սպառնալիքներն ալ եկան աւելնալու, Անգարայի արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքներուն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու նաեւ յայտարարած էր, թէ բանաձեւին վաւերացումը «միջնադար» պիտի վերադարձնէ  Ֆրանսան եւ Եւրոպան, որովհետեւ նման օրէնքի մը պատճառով պիտի արգիլուի Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ բոլոր քննարկումները: