Մէկ ամիս անցաւ թուրք հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի ձերբակալութենէն: Ան ամբաստանուած է քրտական կացմակերպութիւններու հետ կապ ունենալու մեղադրանքով:
Բանտարկուած հրատարակիչին զօրակցելու համար՝ անոր ընկերները հիմնած են յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի Զարաքօղլուի ներքին եւ միջազգային խնդրանքներով ու դիմումներով: Այս մասին կը յայտնեն թրքական թերթերը:
Յանձնաժողովի անդամ Սաիտ Չէթինօղլու պարզաբանումներ տուած է յանձախումբին մասին: «Բաց ենք բոլոր անոնց, որոնք կ'ուզեն զօրակցիլ եւ օգտակար դառնալ Զարաքօղլուին:
freedom-for-zara-kolu.blogspot.com