Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­altՊոլ­սոյ պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քը հրա­պա­րա­կած է հա­մայն­քի նոր պատ­րիար­քի պաշ­տօ­նին յա­ւակ­նող չորս թեկ­նա­ծու­նե­րու ա­նուն­նե­րը: Ա­նոնք են` ­Պոլ­սոյ պատ­րիար­քի ներ­կայ փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նի հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Սա­

հակ Եպս. ­Մա­շա­լեան, ­Գեր­մա­նիոյ հայ հա­մայն­քի ա­ռաջ­նորդ ­Գա­րե­գին Արք. ­Պեք­ճեան, ­Գու­գար­քի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Սե­պուհ Արք. ­Չուլ­ճեան,- կը հա­ղոր­դէ «Ազ­դակ»:

Այս­պի­սով` նա­խա­պէս շրջա­նա­ռո­ւող ա­նուն­նե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս ա­ւել­ցած է ­Սա­հակ Եպս. ­Մա­շա­լեա­նի ա­նու­նը: ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար պար­տա­դիր պայ­ման է ­Թուր­քիոյ մէջ ծնած ըլ­լա­լը:
26 ­Հոկ­տեմ­բե­րին ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նը յայ­տա­րա­րած էր ներ­կայ պատ­րիարք ­Մես­րոպ Արք. ­Մու­թա­ֆեա­նը ան­գոր­ծու­նեայ ճանչ­նա­լու ո­րո­շու­մը:

­Պատ­րիարք ­Մու­թա­ֆեան 2008էն ի վեր կը գտնո­ւի մա­հա­քու­նի մէջ եւ փաս­տա­ցիօ­րէն չի գոր­ծեր իբ­րեւ պատ­րիարք:
Ա­նոր փո­խա­րէն այդ լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րէ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ ընտ­րո­ւած է ոչ թէ հա­մայն­քին, այլ ­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան կող­մէ: