
Անոնք կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութեանց (գլխաւորաբար՝ PKKին, բայց նաեւ՝ անոր իրաքեան եւ սուրիական թեւերը հանդիսացող՝ YPGին, YPJին եւ PYDին) զօրակցելու, անոնց ի նպաստ քարոզչութիւն, երկրին հողային ամբողջութեան սպառնացող, պետութիւնը վարկաբեկող յայտարարութիւններ կատարելու եւ այլ շարք մը «յանցանքներով»: Այս ձերբակալութիւններէն ետք, բողոքի բազմաթիւ ցոյցեր տեղի ունեցան թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ արտասահմանի, ինչպէս՝ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի մէջ:
Տեմիրթաշ, որ HDPի համանախագահներէն ամէնէն հանրածանօթն է, նախքան ձերբակալուիլը հարցաքննութեան տարուած էր հանրապետութեան դատախազին քով: Սակայն ան մերժած է պատասխանել իրեն ուղղուած հարցումներուն՝ ըսելով, որ միայն յայտարարութիւն մը պիտի ընէ, ուր ի մէջ այլոց ըսած է.- «Մենք ժողովուրդին ընտրեալ ներկայացուցիչներն ենք։ Մենք զմեզ չենք ներկայացներ, այլ՝ ժողովրդային ամբողջ զանգուածներ, որոնք մեզ ընտրեցին։ Մենք կը ներկայացնենք մեզ ընտրողները։
«Ես ձեր առջեւ կը գտնուիմ որպէս խորհրդարանի անդամ մը, երեսփոխան մը՝ որ խորհրդարանական անձեռնմխելիութիւն ունի։
Ոչ ոքի պիտի արտօնեմ, որ ոտնակոխէ ո՛չ իմ երեսփոխանի հանգամանքս, ո՛չ ալ իմ ժողովուրդիս կամքը։ Ո՛չ որեւէ արգելք, ո՛չ ալ որեւէ վախ ունիմ՝ հաշիւ տալու անաչառ արդարադատութեան մը առջեւ։ Ոչ մէկ հարցում կայ, որուն պատասխանը չունենամ։
«Սակայն, երբեք պիտի չընդունիմ հնազանդիլ դատաւորներու եւ դատախազներու, որոնք ճապկումներ կը կատարեն իշխանութիւններու հաշւոյն, բռնաբարելով մեր երկրի արդարադատական կարգերը։ Ոչ մէկ տրտունջ ունիմ ձեր նկատմամբ եւ որպէս անձեր ձեզ կը յարգեմ։ Սակայն, կը մերժեմ խամաճիկներէն մէկը դառնալ արդարադատական այս խեղկատակութեան, որ ամբողջովին բեմադրուած է Էրտողանի կողմէ, որուն անցեալը բարոյական եւ բարոյագիտական արատներով դրոշմուած է։ Ձեր հարցումներէն ոչ մէկուն պիտի պատասխանեմ»։
Կիրակի՝ Նոյեմբեր 6ի առաւօտեան, թրքական լրասփիւռները հաղորդեցին, թէ HDP որոշած է քաշուիլ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովէն: Այս որոշումը յայտարարած է կուսակցութեան բանբեր Այհան Պիլկեն, Տիգրանակերտի (Տիարպաքըրի) մէջ: Ան ըսած է նաեւ, թէ «ամէն օր պիտի ըլլան իրենց ժողովուրդին հետ»: