Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altՊոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը 26 Հոկ­տեմ­բե­րին իր գու­մա­րած ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ո­րո­շած է դի­մել թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն` նոր պատ­րիարք ընտ­րե­լու ար­տօ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու խնդրան­քով:

 

 

«Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, որ գու­մա­րո­ւած ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած է այն հար­ցը, որ Մա­յիս 2008էն ի վեր պատ­րիարք Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեան դադ­րած է պաշ­տօ­նա­վա­րե­լէ եւ պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ըն­թա­ցիկ գոր­ծե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ ընտ­րո­ւած է Ա­րամ Արք. Ա­թե­շեան:

«Ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նոն­ներն ու ա­ւան­դու­թիւ­նը ուխ­տի լու­ծար­ման հա­մար բա­ւա­րար կը հա­մա­րեն եօ­թը տա­րո­ւան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Հե­տե­ւա­բար, պատ­րիար­քի ութ տա­րո­ւան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէ «­Պատ­րիար­քա­կան Ուխտ»ի լու­ծա­րու­մը: 2015ի դա­տաբժշկա­կան յանձ­նա­խում­բի տե­ղե­կա­գի­րով վա­ւե­րա­ցո­ւած է պատ­րիար­քի ոչ-գոր­ծօն ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը: Վե­րոն­շեալ փաս­տե­րը կը հաս­տա­տեն, որ պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը մնա­ցած է «թա­փուր»:

Ուս­տի ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ ո­րո­շած են «հանգս­տեան կո­չո­ւած» նկա­տել «Ն.Ա.Տ. Մես­րոպ Բ. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը» եւ ա­նուա­նել զինք «­Պատ­րիարք ի Հանգս­տեան»,- կ­՛ը­սո­ւի ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին որ­դեգ­րո­ւած զե­կու­ցու­մին մէջ: Մեկ­նե­լով այս բո­լո­րէն ո­րո­շո­ւած է դի­մում ներ­կա­յաց­նել պատ­կան մար­մին­նե­րուն` խնդրե­լով ար­տօ­նու­թիւն տրա­մադ­րել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու հա­մար, «որ­պէս­զի պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը օժ­տո­ւի նոր «Ազ­գըն­տիր Պատ­րիարք»ով»: