Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ամէնակարեւորը՝ ատրպէյճանական հողերու ազատագրումն է»

Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք Անգարայի մէջ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի յիշատակին նուիրուած երեկոյին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է.«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը անմիջականօրէն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետ կապուած է»։


Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը իր խօսքին մէջ նաեւ Արեւմուտքը քննադատած է ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ կրաւորական դիրքորոշում ունենալուն համար։
Ատրպէյճանական «Էյ.էն.էս.փրես» կայքէջը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Չիչեք իր խօսքին մէջ յայտարարած է, որ «մեր առաջնահերթութիւններէն մէկը ատրպէյճանական բռնագրաւուած հողերու եւ հարիւր հազարաւոր փախստականներու՝ հայրենի հողեր վերադարձն է»։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնն է։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցողը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամէնամեծ սպառնալիքն է…Հայ-թրքական բնականոն յարաբերութիւններու ապահովման համար ամէնակարեւոր պայմաններէն մէկը ատրպէյճանական հողերու ազատագրումն է», ընդգծած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը։