Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­altԹուր­քիոյ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լան դատ բա­ցած է ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճէպ ­Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նի դէմ՝ միա­ժա­մա­նակ նշե­լով, որ թրքա­կան դա­տա­րա­նէն ար­դա­րու­թիւն չ­՛ակնկա­լեր, քա­նի որ ա­նի­կա կա­խեալ է երկ­րի ղե­կա­վա­րէն: «Ա­նի­կա չի կրնար Էր­տո­ղա­նի դէմ ո­րո­

շում ըն­դու­նիլ, չու­նի այդ ա­զա­տու­թիւ­նը»,- յայտ­նեց ­Փայ­լան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ա­պա­գա­յին պի­տի դի­մէ նաեւ ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան։

Ան նշեց, թէ Էր­տո­ղան իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ հա­կա­հայ խօս­քեր՝ հա­յե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով որ­պէս թշնա­մի­ներ:
­Յի­շեց­նենք, որ հա­յազ­գի պատ­գա­մա­ւո­րի զայ­րոյ­թին պատ­ճա­ռը Տ­րա­պի­զո­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին Էր­տո­ղա­նի հա­մա­կիր­նե­րուն կող­մէ հա­յե­րուն վե­րագ­րո­ւած վի­րա­ւո­րա­կան կար­գա­խօս­ներն էին: ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հը ոչ միայն չէ փոր­ձած դադ­րեց­նել այդ ա­ղա­ղակ­նե­րը, այ­լեւ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն քա­ջա­լե­րած է զա­նոնք՝ քմծի­ծա­ղե­լով:

­Փայ­լան իր է­ջին վրայ տե­ղադ­րե­լով Էր­տո­ղա­նի ար­տա­սա­նած խօս­քին տե­սա­նիւ­թը՝ նշած է, որ ու­շա­դիր հե­տե­ւե­լու պա­րա­գա­յին նկա­տե­լի է, թէ ինչ­պէ՛ս Էր­տո­ղան գոհ կը ժպտի, երբ տրա­պի­զոն­ցի­նե­րը կը բա­ցա­գան­չեն «հա­յու վի­ժո­ւածք­նե­րը մեզ չեն կրնար վհա­տեց­նել»:

­Փայ­լան շեշ­տեց, թէ իր բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ եւ պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ՝ դադ­րեց­նե­լու հա­մար հա­յե­րուն դէմ Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը: Իսկ իր ան­ձին ա­պա­հո­վու­թեան մա­սին հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով՝ ան ը­սած է.- «­Վախ չու­նիմ այս պայ­քա­րին մէջ։ Ա­մէն օր ­Թուր­քիոյ մէջ մար­դիկ կը մա­հա­նան: ­Մենք պէտք է բարձ­րա­ձայ­նենք մեր խնդիր­նե­րը: Ես ու­նիմ մի­լիո­նա­ւոր ա­ջա­կից­ներ ­Թուր­քիոյ մէջ եւ պէտք է ա­նոնց լսե­լի դարձ­նեմ այս խնդիր­նե­րը։ Ե­թէ ես լռեմ, վտան­գի պի­տի են­թար­կեմ ինք­նու­թիւնս: Ե­թէ ճշմա­րիտ ես, պէտք չէ՛ լռես: Ես եւ հայ հա­մայն­քը ճշմա­րիտ ենք, եւ ի­րա­ւունք ու­նի՛նք խօ­սե­լու»: