Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altԱտր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ «­Ռու­սիան Այ­սօր»ի գլխա­ւոր տնօ­րէն Տ­միթ­րի ­Քի­սի­լիո­վի հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի լուծ­ման:

 

 

Ան խօ­սած է փոխ-զի­ջում­նե­րու մա­սին` նշե­լով, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղին կրնայ շնոր­հո­ւիլ ինք­նա­վար հան­րա­պե­տու­թեան կար­գա­վի­ճակ:

«­Խե­լա­միտ փոխ-զի­ջու­մը կա­րե­լի է. ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան անվ­տան­գու­թեան, ա­նոնց կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան, ինք­նա­վա­րու­թեան ա­պա­հո­վում, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ տար­բեր ներդ­րու­մա­յին նա­խա­գիծ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցում: Եւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ խա­ղաղ փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թիւն` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ինք­նա­վար շրջա­նի սահ­ման­նե­րէն դուրս տա­րածք­նե­րու ա­զա­տագր­ման պայ­մա­նով. ա­հա այս­պէ՛ս մենք կը տես­նենք տագ­նա­պին լու­ծու­մը»,- ը­սած է ան։

Ա­լիեւ նշած է.- «Ատր­պէյ­ճան եր­բեք պի­տի չհա­մա­ձայ­նի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան տրա­մադր­ման: ­Սա­կայն կրնայ ըլ­լալ փոխ-զի­ջում տե­ղա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ինք­նա­վա­րու­թեան հար­ցե­րուն շուրջ։ Ա­պա­գա­յին, ե­թէ մենք հա­մա­ձայ­նինք, ա­տի­կա կրնայ ըլ­լալ ինք­նա­վար հան­րա­պե­տու­թիւն»,- ա­ւել­ցու­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը:

Ա­լիեւ նաեւ յայտ­նած է, թէ կա­րե­լի չէ բա­ցա­ռել, որ Ատր­պէյ­ճան ա­պա­գա­յին ան­դա­մակ­ցի Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան: Ան նաեւ յոյս յայտ­նած է, որ Ի­րան-­Ռու­սիա-Ատր­պէյ­ճան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւի:

­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեան.- ­Ղա­րա­բա­ղին «ինք­նա­վա­րու­թեան կար­գա­վի­ճակ» տա­լու Ա­լիե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ծի­ծաղ ու խղճա­հա­րու­թիւն կ­՚ա­ռա­ջաց­նէ

Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, թէ ի­րենք պատ­րաստ են ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղին ինք­նա­վա­րու­թեան կար­գա­վի­ճակ տա­լու, հեր­թա­կան ան­գամ կը ցու­ցադ­րեն, թէ ­Պա­քու որ­քա՜ն պատ­րաստ չէ հա­մա­պար­փակ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ կար­գա­ւոր­ման:

Այս մա­սին NEWS.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հի մա­մու­լի խօս­նակ ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեան` մեկ­նա­բա­նե­լով «­Ռու­սիան Այ­սօր» գոր­ծա­կա­լու­թեան Ա­լիե­ւի տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցը, ուր ան յայ­տա­րա­րած էր, թէ պատ­րաստ է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղին «ինք­նա­վա­րու­թեան կար­գա­վի­ճակ շնոր­հել»ու:

«­Կա­րե­լի է ա­սել, որ «ա­ռա­ջըն­թաց» կայ: Ե­թէ Ա­լիեւն ա­ռաջ խօս­քով եւ գոր­ծով գոր­ծադ­րում էր բո­լոր ջան­քե­րը, որ­պէս­զի ոչն­չաց­նի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը, ա­պա հի­մա նա ար­դէն խօ­սում է ինք­նա­վա­րու­թիւ­նից: Ե­թէ նման դի­նա­մի­կան (թա­փը) շա­րու­նա­կո­ւի, ա­պա մի քա­նի ամ­սից Ա­լիե­ւը կա­րող է ճա­նա­չել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: ­Դա ա­մե­նաա­դե­կո­ւատ (ա­մե­նա­յար­մար) քայ­լը կը լի­նէր»,- ը­սած է ­Բա­բա­յեան` ա­ւելց­նե­լով, որ Ա­լիե­ւի այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան բնոյթ կը կրէ եւ միայն ծի­ծաղ ու խղճա­հա­րու­թիւն կ­՛ա­ռա­ջաց­նէ:

«Ինչ վե­րա­բե­րում է ինք­նա­վա­րու­թեա­նը, ա­պա Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը լաւ կ’ա­նէին ինք­նա­վա­րու­թիւն տա­յին այդ երկ­րում ապ­րող ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րին` թա­լիշ­նե­րին, ա­ւար­նե­րին, լեզ­գի­նե­րին, թա­թե­րին եւ այլ ազ­գու­թիւն­նե­րին, ընդ ո­րում՝ դա ա­նել նախ­քան ի­րա­վի­ճա­կը մե­ծա­մասշ­տաբ բախ­ման կը վե­րա­ծո­ւի: ­Մինչ­դեռ այդ ազ­գու­թիւն­ներն ապ­րում են ու­ժեղ ճնշման տակ եւ գրե­թէ հա­մա­կենտ­րո­նաց­ման ճամ­բար­նե­րի պայ­ման­նե­րում»,- ը­սած է ­Բա­բա­յեան: