Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­altԹուր­քիոյ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լան կը պատ­րաս­տո­ւի դա­տի տա­լու ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նը:

 

Ան այս մա­սին յայ­տա­րա­րած է «­Թո­ւի­թըր»ի իր պաշ­տօ­նա­կան է­ջին վրայ:

­Հայ ե­րես­փո­խա­նը զայ­րա­ցած է Տ­րա­պի­զո­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­րա­հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին Էր­տո­ղա­նի կա­տա­րած շարք մը ցե­ղա­պաշ­տա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն: Էր­տո­ղան նշեալ հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին հեգ­նած էր կի­նե­րը:
«­Յի­շե­ցէ՛ք, թէ ձե­զի ի՛նչ կ­՛ը­սէի: Օր մը պի­տի չմեռ­նի՞ք: ­Բայց տղա­մար­դու պէս մեռ­նիլ կայ, մէկ ալ մա­տա­մի պէս մեռ­նիլ կայ»,- ը­սած էր Էր­տո­ղան:

­Փայ­լան ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէ այն փաս­տին վրայ, որ Էր­տո­ղան կ­՛օգ­տա­գոր­ծէ «մա­տամ» բա­ռը, այ­սինքն` կը մատ­նան­շէ ոչ թէ մահ­մե­տա­կան, այլ եւ­րո­պա­ցի կամ քրիս­տո­նեայ կի­նե­րը:
Ա­ւե­լի՛ն, ­Փայ­լան իր է­ջին վրայ տե­ղադ­րե­լով Էր­տո­ղա­նի ար­տա­սա­նած խօս­քին տե­սա­նիւ­թը, նշած է, որ ու­շա­դիր հե­տե­ւե­լու պա­րա­գա­յին նկա­տե­լի է, թէ ինչ­պէ՛ս Էր­տո­ղան գոհ կը ժպտի, երբ տրա­պի­զոն­ցի­նե­րը կը վան­կար­կեն «հա­յու վիժուածք­նե­րը մեզ չեն կրնար վհա­տեց­նել»:

«­Ժո­ղո­վուր­դը կը հայ­հո­յէ հա­յուն: Եր­բեք չի մի­ջամ­տեր:
­Վա­ղը մե­ղադ­րանք պի­տի ներ­կա­յաց­նեմ»,- գրած է ­Փայ­լան «­Թո­ւի­թըր»ի իր է­ջին վրայ: