alt«Էր­մե­նի­հա­պեր» կը հա­ղոր­դէ, որ ­Թուր­քիոյ մէջ հրա­տա­րա­կուող այն թեր­թե­րը, ո­րոնք միայն մա­սամբ թրքե­րէն են, այ­լեւս պե­տա­կան ու պաշ­տօ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ու ծա­նու­ցում­նե­րը հրա­պա­րա­կե­լու ի­րա­ւունք պի­տի չու­նե­նան:

­Խօս­քը մաս­նա­ւո­րա­բար կը վե­րա­բե­րի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն` հա­յե­րուն, քիւր­տե­րուն, յոյ­նե­րուն եւ հրեա­նե­րուն պատ­կա­նող թեր­թե­րուն:

Այդ նիւ­թին անդ­րա­դար­ձած է թրքա­կան ընդ­դի­մա­դիր «­Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի թղթա­կից Այ­շէ Եըլ­տը­րըմ: Ան նշած է, որ ար­տա­կարգ վի­ճա­կի դրու­թեան ծի­րին մէջ որ­դեգ­րո­ւած այս ո­րո­շու­մը 1920ա­կան­նե­րուն ­Թուր­քիոյ մէջ սկիզբ ա­ռած «­Քա­ղա­քա­ցի՛, թրքե­րէն խօ­սէ՛» շար­ժու­մին մէկ նոր ար­տա­յայ­տու­թիւնն է: Եըլ­տը­րըմ իր «­Քա­ղա­քա­ցի՛, թրքե­րէն գրէ՛» խո­րա­գի­րով յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը նշէ, որ ­Թուր­քիոյ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն պատ­կա­նող թեր­թե­րը եւս, փաս­տօ­րէն, դար­ձան ար­տա­կարգ դրու­թեան զո­հը:

«­Կա՛մ ին­ծի հետ ես, կա՛մ գրո­ղի ծո­ցը գնա՛» սկզբուն­քով՝ մա­մու­լը միա­գոյն դարձ­նել ու­զող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վեր­ջին քայ­լը ե­ղաւ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու եւ ծա­նու­ցում­նե­րու նոր կա­նո­նա­կար­գի հռչա­կու­մը, որ դէմ է սահ­մա­նադ­րու­թեան հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րուն»,- կը գրէ յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը:

«Եր­կիր» կը պար­զա­բա­նէ, որ նշեալ ո­րո­շու­մի ծի­րէն ներս ­Թուր­քիոյ մէջ լոյս տես­նող «Ա­կօս», «­Նոր ­Մար­մա­րա», «­Ժա­մա­նակ», «­Շա­լոմ», «Ի­հօ» եւ այլ հայ­կա­կան, քրտա­կան, յու­նա­կան թեր­թե­րը այ­լեւս չեն կրնար հրա­պա­րա­կել բնա­կու­թեան կա­ռա­վար­ման վար­չու­թեան, մա­մու­լի մէջ գո­վազդ­նե­րու գոր­ծա­կա­լու­թեան, տար­բեր հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, զա­նա­զան հիմ­նադ­րամ­նե­րու, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու կող­մէ տրուող յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ու ծա­նու­ցում­նե­րը:

Ո­րո­շու­մը կը վե­րա­բե­րի նաեւ անգ­լե­րէն լոյս տես­նող «­Հիւր­րի­յէթ ­Տէյ­լի ­Նիուզ», «­Տէյ­լի ­Սա­պահ» եւ այլ նմա­նա­տիպ պար­բե­րա­կան­նե­րուն: «Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ­՛ու­զեն մէկ հարուա­ծով քա­նի մը թռչուն սպան­նել, այս­պի­սով կը պաշ­տօ­նա­կա­նաց­նեն ձուլ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»,- կը գրէ Այ­շէ Եըլ­տը­րըմ: