alt«Էր­մե­նի­հա­պեր» կը հա­ղոր­դէ, որ ­Թուր­քիոյ ­Թե­քիր­տաղ նա­հան­գի ­Մալ­քա­րա շրջա­նին մէջ ճամ­բու շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու ժա­մա­նակ գտնո­ւած են հայ­կա­կան շիր­մա­քա­րներ:

 

Թր­քա­կան «­Հա­պեր­թիւրք» կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Մալ­քա­րա­յի մէջ գտնո­ւող ­Հիւր­րի­յէթ պո­ղո­տա­յի բա­րե­կարգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քին 8 գե­րեզ­մա­նա­քար յայտ­նա­բե­րո­ւած է: Գ­րե­թէ 1,5 մեթր մե­ծու­թեամբ այս տա­պա­նա­քա­րնե­րուն վրայ կան հա­յե­րէն գրու­թիւն­ներ: Ա­նոնք բեռ­նա­կառ­քով փո­խադ­րո­ւած են յա­տուկ պա­հես­տա­նոց:

­Մալ­քա­րա­յի փոխ­-քա­ղա­քա­պետ Ահ­մեթ ­Նա­զիֆ ­Պալ­ճը նշած է, որ կրնայ ըլ­լալ, որ տա­րած­քին մէջ նաեւ այլ գե­րեզ­մա­նա­քա­րներ ըլ­լան: ­Պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին գտնո­ւած բո­լոր յու­շար­ձան­նե­րը ա­ռայժմ պի­տի պա­հո­ւին տեղ­ւոյն մշա­կոյ­թի պա­լա­տին մէջ: Ա­ւե­լի ուշ, ըստ ­Պալ­ճըի, գտնո­ւած բո­լոր տա­պա­նա­քարնե­րը պի­տի յանձ­նո­ւին յու­շար­ձան­նե­րու բարձ­րա­գոյն խոր­հուր­դին կամ թան­գա­րան­նե­րու վար­չու­թեան:

­Հիւր­րի­յէթ պո­ղո­տա­յին մէջ աշ­խա­տող ­Նեճ­տեթ ­Թեք­կէօզ նշած է, որ այդ վայ­րե­րուն մէջ նա­խա­պէս հա­յեր եւ յոյ­ներ ապ­րած են: Ան նաեւ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նած է, որ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րը անհ­րա­ժեշտ հո­գա­տա­րու­թիւն եւ ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին գտնո­ւած պատ­մամը­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րուն նկատ­մամբ: