Պոլսոյ հայկական գերեզմանատան մէջ Հոկտեմբեր 1ին տեղի ունեցած է պոլսահայ յայտնի ճարտարապետներ Պալեաններու ընտանեկան գերեզմանակոթողին բացումը:
Ըստ News.amի՝ թրքական Milliyet թերթը կը փոխանցէ, որ Հրաչ եւ Յակոբ Քրմզեան եղբայրներու հովանաւորութեամբ կառուցուած Պալեաններու գերեզմանակոթողի բացման մասնակցած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան, Պոլսոյ քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշ, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Օմեր Արըսոյ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
Բացման ժամանակ ելոյթով հանդէս եկած Հրաչ Քրմզեան հարցուցած է, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է Պոլսոյ համար այդքան բան ըրած Պալեաններու անունով փողոց կամ պողոտայ կոչել: Այս խօսքերուն ներկաները ծափերով պատասխանած են:
Պոլսոյ քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշ իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Պալեաններու ընտանիքին ճարտարապետները 18 եւ 19րդ դարերուն Պոլսոյ մէջ ճարտարապետական հրաշք կառոյցներ ստեղծած են: Գերեզմանակոթողը կառուցած Դաւիթ Այնալը նշած է, որ կոթողը կառուցած է Պեշիքթաշի մէջ՝ Պալեաններու կողմէ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանի տեսքով:
Նշենք, որ Պալեաններու ընտանիքի ճարտարապետներուն կառուցած պալատները, աշտարակները, եկեղեցիներն ու մզկիթները ներկայիս Պոլսոյ զբօսաշրջութեան այցետոմսները կը համարուին: