­altՏա­րի­ներ շա­րու­նակ Աք­շե­հի­րի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման հար­ցով ոչ մէկ զար­գա­ցում կայ: Այդ մա­սին, ըստ Akunq.net-ի, կը հա­ղոր­դէ թրքա­կան “İstasyon Gazetesi” ­պար­բե­րա­կա­նը:

 

 

Աղ­բիւ­րը կ­՛ընդգ­ծէ, թէ հարկ է վե­րա­նո­րո­գել 19-րդ ­դա­րուն Աք­շե­հի­րի մէջ հայ­կա­կան հա­մայն­քի կող­մէ կա­ռու­ցուած սոյն ե­կե­ղե­ցին, որ յե­տա­գա­յին ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ օգ­տա­գոր­ծո­ւած է նաեւ իբ­րեւ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու վայր:

Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տե­րուն կան բազ­մա­թիւ գրու­թիւն­ներ, իսկ դուռն ու պա­տու­հան­նե­րը կոտ­րո­ւած են, եւ կա­ռոյ­ցը ամ­բող­ջո­վին ա­ւե­րակ վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւի: ­Բա­ցի այդ, ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը բա­ցո­ւած է դպրոց մը, ուր յե­տոյ ե­կե­ղե­ցին վե­րա­ծո­ւած է աղ­ջիկ ու տղայ ա­շա­կերտ­նե­րու հան­դիպ­ման վայ­րի:

­Թէեւ յա­ճախ խոս­տում­ներ տրո­ւած են, որ սոյն պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցին պի­տի վե­րա­կանգ­նո­ւի, սա­կայն այդ­պէս ալ ո­րե­ւէ աշ­խա­տանք չէ կա­տա­րո­ւած` ա­նոր վե­րա­նո­րոգ­ման ուղ­ղու­թեամբ: Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բե­րեալ վեր­ջին ան­գամ 2014 թո­ւա­կա­նին յայ­տա­րա­րու­թիւն ե­ղած է, որ հաս­տա­տո­ւած էր այս պատ­մա­կան կա­ռոյ­ցի վե­րա­կանգն­ման նա­խա­գի­ծը: