Հայաստանի անկախութեան 25ամեակին առիթով, Երեւանի մէջ կազմակերպուած զօրահանդէսի ընթացքին, հեռահար պալիսթիք հրթիռներու կայանքներուն ցուցադրութիւնը անհանգստացուցած է բացի Ատրպէյճանէն, նաեւ՝ Թուրքիան:
Ըստ News.amի՝ թրքական մամուլի մէջ անդրադարձած են զօրահանդէսի ժամանակ ցուցադրուած «իսքանտեր» հեռահար հրթիռներուն` նշելով, որ անոնք կը սպառնան տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու:
Թրքական DunyaBulteni կայքը գրած է, թէ Հայաստանի զինանոցին մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենաազդու հրթիռային համակարգներէն համարուող «իսքանտեր»ը, որ կրնայ հարուածել մինչեւ Թուրքիոյ կեդրոնական մասը գտնուող Սվազ քաղաքը:
Կայքը նաեւ նշած է, թէ Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ հերթապահութեան կանգնած են նաեւ Թուրքիոյ սպառնացող S-300 համակարգներ: