«Հրանդ Տինք» միջազգային 8րդ ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը Սեպտեմբեր 22ին տեղի ունեցած է Պոլսոյ «Լիւթվի Քըրտար» կեդրոնին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս տարի մրցանակներու արժանացած են Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու
համար պայքարի խորհրդանիշներէն մէկը համարուող Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութիւնը եւ Մալաւիէն հասարակական գործիչ Թերեզա Կաչիդամոտօ, որ կը պայքարի երեխաներու կրթութեան եւ մարդու իրաւունքներուն համար:
Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) փաստաբաններու միութեան նախկին նախագահը Թահիր Էլչին էր, որ Սուր գաւառին մէջ տեւական բախումներու ժամանակ կը պայքարէր պատմական ժառանգութեան պահպանման համար:
Այդ նպատակով կազմակերպուած բացօթեայ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ էր, որ զայն 2015 թուականի Նոյեմբեր 28ին փողոցին մէջ սպաննեցին: Մրցանակը միութեան կողմէ ստացած է փոխ-նախագահ Ահմէտ Օզմէն:
Ան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ խնդիրները հնարաւոր է լուծել միայն հասարակութեան տարբեր հատուածներու միաւորման, ժողովրդավարութեան շուրջ համախմբման ճանապարհով: «Թահիր Էլչիի եւ Հրանդ Տինքի մեզի աւանդած ժառանգութիւնը այսօր պահպանելն ու զարգացնելը ամենահիմնաւոր պարտականութիւնն ու պատմական պատասխանատուութիւնն են մեզի համար:
Ասոր միակ ճանապարհը խաղաղութիւն ցանկանալը եւ անոր հաստատման նպատակով մեր ձայնը բարձրացնելն է»,- նշած է Օզմէն: Միւս մրցանակակիրը` Թերեզա Կաչիդամոտօ, Մալաւիի մէջ երկար տարիներ հանդէս կու գայ աղջիկ երեխաներու բռնի ամուսնութեան դէմ, կը պաշտպանէ անոնց կրթութիւն ստանալու իրաւունքը:
Ան ստեղծած է հիմնադրամ մը, որ կը վճարէ աղքատ ընտանիքներու աղջիկներու կրթութեան ծախսը: Մրցանակը ստանալու ատեն ան նշած է.- «Ես կը հպարտանամ այն ամէնով, ինչին հասած ենք, սակայն դեռ երկար ճանապարհ ունինք անցնելու: Յուսով եմ, որ աւելի շատ մարդիկ ինծի հետ ձեռք-ձեռքի, կը պայքարին աղջիկ երեխաներու իրաւունքներուն համար»: