alt16 օ­գոս­տո­սին ­­Պոլ­սոյ Ս­կիւ­տար թա­ղա­մա­սի հայ­կա­կան Ս. ­­Խաչ դպրե­վան­քի դպրո­ցին պա­տին վրայ ցե­ղա­պաշ­տա­կան գրու­թիւն­ներ յայտ­նո­ւած էին: «Ա­կօս»ի կող­մէ դէպ­քին կա­տա­րո­ւած անդ­րա­դար­ձէն ետք ­­Հան­րա­պե­տա­կան ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան

­­Սեզ­կին ­­Թան­րը­քու­լու գրա­ւոր հար­ցում ներ­կա­յա­ցու­ցած է խորհր­դա­րա­նին` ուղ­ղո­ւած վար­չա­պետ ­­Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մին:

­­Վար­չա­պե­տէն կ­­՛ակն­կա­լո­ւի պա­տաս­խա­նել այն հար­ցում­նե­րուն, թէ ցե­ղա­պաշ­տա­կան գրու­թիւն­նե­րուն շուրջ քննու­թիւն կա­տա­րո­ւա՞ծ է, թէ՞ ոչ, նաեւ` ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նող­նե­րը ի՞նչ պա­տի­ժի պի­տի ար­ժա­նա­նան: ­­Թան­րը­քու­լո­ւի հար­ցում­նե­րուն մէջ տեղ գտած է նաեւ «ազ­գու­թեան գաղտ­նա­գիր»ի հար­ցը:

­­Բա­ցի Ս. ­­Խաչ դպրե­վան­քի պա­տե­րուն յայտ­նո­ւած ցե­ղա­պաշ­տա­կան գրու­թիւն­նե­րէն, այս Եր­կու­շաբ­թի` ­­Թուր­քիոյ ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան ա­ռա­ջին օ­րը, ցե­ղա­պաշ­տա­կան գրու­թիւն­ներ յայտ­նո­ւած էին նաեւ Ս­կիւ­տա­րի հայ­կա­կան ­­Գալ­ֆա­յեան դպրո­ցի պա­տե­րուն: 19 Յու­նո­ւա­րին` Հ­րանդ ­­Տին­քի սպա­նու­թեան 9րդ ­տա­րե­լի­ցի օ­րը, նոյն դպրո­ցի պա­տե­րուն վրայ դար­ձեալ հա­կա­հայ­կա­կան գրու­թիւն յայտ­նո­ւած էր:

­­Սեզ­կին ­­Թան­րը­քու­լո­ւի` ­­վար­չա­պե­տին Ուղ­ղո­ւած ­­Հար­ցում­նե­րը
«­­Պոլ­սոյ Ս. ­­Խաչ հայ­կա­կան դպրո­ցի պա­տե­րուն հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու դէմ ուղ­ղո­ւած ցե­ղա­պաշ­տա­կան գրու­թիւն­նե­րը գրող­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար դպրո­ցին մօտ նկա­րա­հա­նող սար­քե­րու տե­սագ­րու­թիւն­նե­րը քննու­թեան են­թար­կո­ւա՞ծ են: Ե­թէ ա­յո, ա­պա դէպ­քին հետ կա­պո­ւած ի՞նչ քայ­լեր կա­տա­րո­ւած են կամ կը կա­տա­րո­ւին:

«­­Պա­տե­րուն յայտ­նո­ւած` «­­Տան­ջանք հա­յուն», «­­Քուր­շա­թի ա­տե­լու­թիւ­նը բե­րած եմ ձե­զի» եւ այլ ա­տե­լու­թիւն բո­վան­դա­կող գրու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նա­կի ինք­նու­թեան բա­ցա­յայ­տու­մէն ետք, ­­Թուր­քիոյ քրէա­կան օ­րէնս­գիր­քին հա­մա­ձայն, ան ի՞նչ պա­տիժ պի­տի կրէ:
«­­Վեր­ջին եր­կու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նող այդ­պի­սի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ժո­ղո­վուր­դը հրահ­րե­լու մե­ղադ­րան­քով ­­Թուր­քիոյ մէջ քա­նի՞ մարդ պա­տի­ժի են­թար­կո­ւած է:
«­­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան Ս. ­­Խաչ դպրո­ցին կող­մէ, դէպ­քին հետ կա­պո­ւած, հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րուն բո­ղոք ներ­կա­յա­ցո­ւա՞ծ է: Ե­թէ կայ նման բո­ղոք, ի՞նչ եզ­րա­կա­ցու­թիւն կա­տա­րո­ւած է:

«2013ի Ազ­գա­յին կրթու­թեան` ­­Պոլ­սոյ շրջա­նա­յին տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ հրա­պա­րա­կո­ւած գրու­թեան մէջ յստակ նշո­ւած էր, որ բնակ­չու­թեան ար­ձա­նագ­րու­թեան ցու­ցա­կին մէջ հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու «ազ­գու­թեան գաղտ­նա­գիր»ը 2 է: ­­Շարք մը լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ անդ­րա­դարձ կա­տա­րած են ա­տոր: «Ազ­գու­թեան գաղտ­նա­գիր»ի գո­յու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ, որ բնակ­չու­թիւ­նը գաղտ­նագ­րո­ւած է: Ազ­գա­յին կամ կրօ­նա­կան ո՞ր խում­բե­րը գաղտ­նագ­րո­ւած են»: